Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ – Ներկայացուցիչներու Պալատի նիստին նշուած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը

Ապրիլ 9-ին, Հայ երեսփոխան Խոսէ Լուիս Սաթճեանի նախաձեռնութեամբ՝ Ուրուկուայի Ներկայացուցիչներու պալատի նիստ գումարուած է, ուր երեսփոխանները անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին:Սոյն նախաձեռնութեան աջակցած ու ելոյթներով հանդէս եկած են խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները՝ հպարտութեամբ նշելով, որ Ուրուկուայը Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած առաջին երկիրն է:

Երեսփոխաններ Խոսէ Լուիս Սաթճեան, Անա Օլիվերա եւ Փետրօ Խիստոնեան անդրադարձած են նաեւ Արցախահայութեան ենթարկուած ցեղային զտման, Ազերպայճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու խնդրին՝ յիշեցնելով, որ Ուրուկուայի խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է յայտարարութիւն մը՝ կոչ ընելով Ազերպայճանին անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները:

Ուրուկուայցի խորհրդարանականները իրենց առանձնայատուկ յարգանքն ու զօրակցութիւնը յայտնած են հայ ժողովուրդին, տեղւոյն հայ համայնքին, ողջունած են նիստին ներկայ Հայաստանի դեսպան Մարիամ Գէորգեանը եւ բարձր գնահատած դեսպանութեան գործունէութիւնը: