Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ուքրաինան՝ Ռուսաստան-ՕԹԱՆ մրցակցութեան կիզակէտին

Ուքրաինայի շուրջ ստեղծուած լարումը լուրջ մտահոգութեան պատճառ դարձած է Հայաստանի համար, մա՛նաւանդ Ռուսաստան-ՕԹԱՆ բախումի վտանգին պատճառով։ Արցախեան պատերազմին պարտութենէն ետք, Հայաստան կը գտնուի ազէրական ամէնօրեայ սահմանային սպառնալիքի տակ, մինչ Արցախն ալ դարձած է ռուսական խնամակալութեան ենթակայ տարածք մը։ Ռուսաստան-Ուքրաինա ռազմական բռնկում մը բնականաբար իր վատ հետեւանքները կ՚ունենայ Հայաստանի վրայ։ Ազէրիները առիթէն օգտուելով կրնան սաստկացնել իրենց յարձակումները, ճնշումի տակ դնելով ռուսական զօրքերը, որոնք լուրջ դժուարութեան պարագային կրնան լքել տարածաշրջանը, մինակ ձգելով հայկական ուժերը ազէրական եւ թրքական ուժերուն դիմաց։

Աֆղանիստանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Լիպիոյ մէջ, ռազմական իր արկածախնդրութիւններէն բաւական մեծ կորուստներ կրած ԱՄՆ-ն, Պայտընի նախաձեռնութեամբ, ՕԹԱՆ-ի միջոցով կը փորձէ Ռուսաստանի ախորժակները զսպել եւ վերագտնել իր անցեալի փառքն ու գերակայութիւնը։ Սակայն, Ռուսաստան Սուրիոյ, Լիպիոյ, Արցախի, Պելառուսի եւ Ղազասխտանի մէջ իր յաջողութիւններէն քաջալերուած, իր յաղթական արշաւը կը շարունակէ ՕԹԱՆ-ին վերնջագիր յղելով, որ հեռու մնայ ռուսական ազդեցութեան գօտի ներխուժելէ։ Եւ ըստ երեւոյթին այս առճակատումին մէջ յաջողելու վրայ է։ 125 000 հաշուող բանակ կուտակելով Ուքրաինայի սահմանին, կը սպառնայ այդ երկրին ու մասնաւորապէս ՕԹԱՆ-ին։

Եւ ի տես ԱՄՆ-ու հակազդեցութեան, ու Եւրոպական Միութեան, յատկապէս՝ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջնորդութեան, որոնց գլխաւոր նպատակն է Եւրոպայի տարածքին կանխել պատերազմը, հեռու՝ ԱՄՆ-ու ռազմական հռետորաբանութենէն, ոչ ոք կը հաւատայ, որ զինեալ բախումի մը պարագային՝ ԱՄՆ-ը զօրք պիտի ղրկէ՝ մեռնելու Ուքրաինայի պաշտպանութեան համար, ինչպէս եղաւ Հայաստանի եւ Արցախի պարագային, ազէրական յարձակումի ժամանակ։ Միայն տնտեսական եւ ռազմավարական շահերը կը պահաջեն որ Ռուսաստանի վրայ ճնշում բանեցուի, զայն տկարացնելու նպատակով։ Այս կէտը Փութին շատ լաւ հասկցած է եւ կը ցուցադրէ ՕԹԱՆ-ի յառաջխաղացումը արմատապէս կասեցնելու իր կարողութիւնը։

Սոյն առճակատումի ենթախորքին՝ Հայաստան-Թուրքիա մերձեցման բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ հակառակ Ուքրաինայի ստեղծած սրումին, թէ՛ ռուսական, թէ՛ ամերիկեան, եւ թէ՛ եւրոպական կողմերը դրական մօտեցում ունին։ ԱՄՆ-ու համար, Հայաստան-Թուրքիա մերձեցումը Հայաստանի՝ Ռուսաստանէն կախուածութիւնը պիտի նուազեցնէ։ Իսկ Ռուսաստանի համար հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակումով՝ ռուսական բանակը ոստիկանի դեր պիտի կատարէ Կովկասի մէջ, վերահսկելով հիւսիս-հարաւ՝ Հայաստան-Իրան, արեւելք-արեւմուտք՝ Ազէրպայճան-Թուրքիա առանցքները։

Թուրքիա տակաւին իր վերջին խօսքը չէ ըսած։ Բնականաբար, Հայաստանի հետ հաշտութիւնը պիտի «ծախէ» առաւելագոյն նպաստաւոր պայմաններ ապահովելով, ինչպէս ըրաւ Ուքրաինայի պարագային, որուն իր քաղաքական նեցուկը տրամադրելով՝ ռազմամթերքի վաճառքի նպաստաւոր պայմանագրեր ստորագրեց, ինչպէս նաեւ՝ Ազէրպայճանի պարագային։ Ռուսաստան եւ ԱՄՆ, ներկայիս, երկուքն ալ պէտք ունին Անգարայի զօրակցութեան։ Այս իրավիճակէն օգտուելով, Թուրքիա կը շարունակէ Ռուսաստանի հետ ռազմավարական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնել, միաժամանակ մնալով ՕԹԱՆ-ի լիարժէք անդամ։ Մէկ խօսքով, Ռուսաստան-Թուրքիա մեղ-

րալուսինը կը շարունակուի, Հայաստանէն ու Հայութենէն պահանջելով բարոյական մեծ զոհողութիւններ եւ քաղաքական հասունութիւն, զորս քաղաքական դասու որոշ խաւ մը դեռ պատրաստ չէ ընկալելու, շրջել կարենալու համար արտագաղթի տագնապը, ժողովրդագրական նուազումը եւ ապահովելու տնտեսական աճը, որոնք նախապայմաններն են Հայաստանի իբրեւ պետութիւն գոյատեւման։

Ժ.Չ. ■