Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու Ուրուկուայի մէջ ցուցաբերած իր վարքը արդարացնելով՝ մեղադրած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում պահանջող հայ ցուցարարները:
Sabah թերթին տուած հարցազրոյցին, ան պատմական արդարութեան հետ առերեսելու կոչ հնչեցնող ցուցարարները «անպարկեշտ» որակած է: “Ուրուկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանին խոստացած էին, թէ իրենց դիւանագիտական ներկայացուցչութեան բացման արարողութեան ցուցարարներ պիտի չըլլան, բայց անոնք հոն էին”,– ընդգծած է Չաւուշօղլու, իր պատասխանը «համարժէք» նկատելով։
Ան նաեւ յայտարարած է, թէ «զիրենք ատով (Հայոց ցեղասպանութեամբ – «ՆՅ») մեղադրելը անիմաստ է», աւելցնելով թէ՝ իրենք ապագային նայելու կոչ կ՚ընեն: