ԹԱՍՍ գործակալութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով Դեկտեմբեր 5-ին Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Ան ռուս նախարարին հաղորդած է, թէ Պաքու խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը պատրաստած եւ ներկայացուցած է հայկական կողմին։ Ազերի նախարարը աւելցուցած է, թէ Ազերպայճան նպատակ ունի կարելիին չափ շուտ հակամարտութիւնը լուծել Հայաստանի հետ։
“Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ բանակցութիւններու երրորդ փուլը կրնայ տեղի ունենալ մինչեւ տարեվերջ”,– շեշտած է Պայրամով, Լաւրովի հետ տեսակցութեան աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին։
Իր կարգին Լաւրով յայտարարած է, թէ Ռուսաստան մտադիր է նպաստել Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղ համաձայնագրի կնքման հոլովոյթին։ Ան աւելցուցած է, որ Մոսկուա շահագրգռուած է նաեւ երթեւեկութեան կապերու վերականգնման եւ սահմանազատման հարցերով։