Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պատմաբան Մելքոնեան.– «Թուրքիա մէկ կողմէ Պայրաքթարներ կը ղրկէ Ուքրաինա, միւս կողմէ հանդէս կու գայ իբրեւ Տոսթոեւսքիի պաշտպան»

Երեւանի Պետական համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն, պատմագիտութեան դոկտ., փրոֆ. Ռուբէն Մելքոնեան «Թրքական պայրաքթարներն ու Տոսթոեւսքին» վերնագրով հետաքրքրական նիւթ մը հրապարակած է Դիմագիրքի իր էջին.-

Ան մասնաւորաբար նշած է.- «Մարտ 10-ին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան իր ելոյթին՝ անդրադարձաւ Արևմուտքի կողմէ Ռուսաստանի դէմ պատիժներու ծիրին մէջ ռուս դասական գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն Տոսթոեւսքիի նկատմամբ կիրարկուող սահմանափակումներուն, արգելքներուն, և այդ քայլերը անուանելով «յիմարութիւն», «ֆաշիզմ», «բարբարոսութիւն»՝ զանոնք բաղդատեց Պաղտատի գրադարանի հրկիզման հետ: Անգամ մը եւս թրքական քարոզչամեքենան և դիւանագիտութիւնը կը փորձէ աշխարհին ներկայանալ որպէս քաղաքակիրթ, համաշխարհային մշակոյթը յարգող ու գնահատող պետութիւն: Ի դէպ, ռուսական գրեթէ բոլոր նշանաւոր լրասփիւռները անդրադարձան Էրտողանի այս ելոյթին եւ բնականաբար՝ դրական գնահատեցին զայն:

Սակայն իրականութիւնը բոլորովին այլ է. ռուսական դասական գրականութիւնը միշտ ալ ատելութեան թիրախ հանդիսացած է նոյնինքն Թուրքիոյ մէջ: Տակաւին անցեալ դարու կէսերէն սկսեալ` ԽՍՀՄ-Թուրքիա որեւէ լարումի ժամանակ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած և գրախանութներու առջև այրած են ռուս դասականներու գիրքերը:

Օրինակ` 1945 Դեկտեմբեր 4-ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է հակախորհրդային բնոյթ կրող հանրահաւաք, որու ընթացքին քարուքանդ եղած են խորհրդային և ռուս գրականութիւն վաճառող գրախանութներ, հրկիզուած են Թոլսթոյի, Տոսթոեւսքիի, Կոկոլի, Թուրկենիեւի եւ ուրիշ գրողներու հատորները։ Ի դէպ, այդ յարձակումներուն մասնակցած են հետագային Թուրքիոյ նախագահ դարձած, իսկ այդ ժամանակ ազգայնական շարժումի անդամ երիտասարդներ՝ Սիւլեյման Տեմիրէլը և Թուրկութ Էօզալը:

Չեմ կարծեր, որ այս եւ այլ փաստերը ծանօթ չեն Ռուսաստանի գոնէ թրքագէտներուն, սակայն խնդիրն այն է, որ այս լարուած և գերզգայուն կացութեան մէջ Թուրքիա կը յաջողի կեղծ խաղաղասէրի դիմակով մէկ կողմէ Պայրաքթարներ ուղարկել Ուքրաինա, իսկ միւս կողմէ հանդէս գալ իբրև Տոսթոեւսքիի պաշտպան»։