Հոկտեմբեր 1-ին, Արցախեան երկրորդ պատերազմի տարելիցին առթիւ՝ զոհերու յիշատակին, Պրիւսէլի Իքսել համայնքի ամենաբանուկ հրապարակներէն մէկուն վրայ տեղի ունեցած է «Լեռնային Ղարաբաղ․ անտեսուած պատերազմի թատերաբեմ» խորագրով բացօթեայ ցուցահանդէսի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կից կազմակերպուած է նաեւ հայկական երաժշտական երեկոյթ մը։
Տարեսկիզբին Իքսելի բնակչուհի Լիզա Ապաճեանի ներկայացուցած խնդրագրին ընդառաջելով համայնքապետարանը նախաձեռնած էր բնակչութեան տեղեկացման ձեռնարկներու շարքի մը, որուն միացած էին նաեւ Պելճիքայի Հայոց Կոմիտէն (CAB) եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (UGAB)։
Իքսելի համայնքապետ Խրիսթոս Տուլկերիտիս իր ելոյթին մէջ նշած է, որ տեղեկացման այս ձեռնարկը որքան կարեւոր նշանակութիւն ունի հայ համայնքին համար, նո՛յնքան ալ՝ տեղաբնակ հասարակութեան․ “Շատ ամուր կապ կայ Իքսելի եւ հայ համայնքին միջեւ: Այս կապը յատկապէս կը ցոլանայ «Հանրի Միշօ» հրապարակին վրայ հանգրուանած Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին առկայութեամբ: Հետեւաբար, բնական է, որ Իքսելը զգօնութեան եւ տեղեկացման դերակատարութիւն ստանձնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած այս ողբերգութիւններուն նկատմամբ”:
Նկարները արդէն տեղադրուած են Սեպտեմբեր 27-ին, որոնց առջեւ նոյն օրը Պելճիքայի Հայոց Կոմիտէն կազմակերպած է մոմավառութիւն՝ ի յիշատակ պատերազմի զոհերուն։
Նկարներու հեղինակներն են տաղանդաւոր երկու լուսանկարիչներ՝ Իտալիայէն Ռոպերթօ Թրաւան եւ Պելճիքայէն Օլիվիէ Փափենեի, որոնք տեղւոյն վրայ եղած են պատերազմի ժամանակ եւ իրենց աշխատանքներով կը վկայեն հակամարտութեան դաժան առօրեային եւ հետեւանքներուն մասին։
Պելճիքայի Հայոց Կոմիտէի նախագահ Նիքոլա Դաւիթեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Իքսելի համայնքին, միջոցառման նախաձեռնութեան եւ կազմակերպութեան համար եւ նշած է․ “Խօսքը չի վերաբերիր միայն Հայերուն, քանի որ վաղուան աշխարհը պիտի ըլլայ այնպէս՝ ինչպէս մենք կը կերտենք․ ուժի, պատերազմներու եւ անտարբերութեա՞ն աշխարհ մը, թէ՞ մարդասէր եւ միասնական։ Ընտրութիւնը մե՛րն է”։