Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի և Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ և ջանքերով, Փետրուար 7-էն 10 տեղի ունեցաւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի աշխատանքային այցը՝ Պրիւսէլ։
Եւրոպական խորհրդարանի (ԵԽ) Արցախի հետ բարեկամութեան խումբին եւ ԵԽ-ի գլխաւոր քաղաքական խմբակցութիւններէն երեսփոխաններու լայն շրջանակին հետ հանդիպումին, ԱՀ նախարարը հանգամանօրէն ներկայացուց 2020-ին Ազէրպայճանի սանձազերծած պատերազմէն յետոյ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակն ու մարտահրաւէրները, Պաքուի յարձակողական քաղաքանութիւնը, որու հիմքին կը գտնուի՝ տասնամեակներէ ի վեր Ազէրպայճանի պետական հովանաւորութեամբ քարոզուող և խորապէս արմատացած հայատեացութիւնը։
Բաբայեան հանդիպումներ ունեցաւ Պելճիքայի խորհրդարանին մէջ Հայաստանի և Վրաստանի բարեկամութեան խումբի անդամ-ծերակուտականներու, Արցախի հետ ֆրանսախօս բարեկամութեան շրջանակին, ինչպէս նաև Ֆլամանական խորհրդարանի Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ։ Նախարարը նաև դասախօսեց Արցախեան հարցին եւ ստեղծուած կացութեան մասին՝ Գերմանիոյ առաջատար իրաւաբանական համալսարանի քանի մը տասնեակ ուսանողներուն համար, որոնք Պրիւսէլ կը գտնուէին։
Նախարար Բաբայեան այցելութեան աւարտին հանդիպում ունեցաւ Պելճիքայի Հայ համայնքին ներկայացուցչական մարմիններու անդամներուն հետ։
Բոլոր հանդիպումներու առանցքային թեմաներու շարքին էին Ազէրպայճանի կողմէ բռնագրաւուած շրջաններուն հայկական մշակութային ժառանգութեան վերացման և պատմութեան կեղծումին միտող ազէրպայճանական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաև անոր դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը։
Անդրադառնալով Բաբայեանի այցին՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենյակի նախագահ Գասպար Կարապետեան շեշտեց.– “Ինչպէս անցեալին, այժմ ալ մեր ամբողջ ներուժով կ՚աշխատինք՝ Եւրոպական քաղաքական շրջանակներուն լսելի դարձնելու համար Արցախի մեր հայրենակիցներուն ձայնը և տեղեկացնելու՝ Ազէրպայճանի յարձակողական, կործանարար քաղաքականութեան մասին։
Կ՚ընդգծենք Արցախի ԱԳ նախարարին այցը՝ Պրիւսէլ, նաև այն պատճառով, որ այս մէկը յետպատերազմեան փուլին անոր առաջին այցելութիւնն էր՝ Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաք”։
«Թէկուզ ծանր վիրաւոր, բայց Արցախ այսօր կը շարունակէ ապրիլ։ Բոլորիս պարտքն է նուիրումով տէր կանգնիլ մեր ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն և պաշտպանել թէ՛ Արցախի Հանրապետութեան եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահերը”,– յայտնեց Գասպար Կարապետեան։