Ապրիլ 19-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանած է Ռուսաստան:
Մոսկուայի օդակայանին մէջ վարչապետը դիմաւորած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռուտենքօ։ Այնուհետեւ պատուոյ պահակախումբի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, հնչած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի պետական փառերգերը:
Նոյն օրը հանդիպում կ՚ունենային ՀՀ վարչապետը եւ Ռուսաստանի նախագահը: ■