Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Փաշինեանի հանդիպումը Փութինի հետ

«Գլխաւոր հարցը Ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորումն է»

Հայաստանի ու Ռուսաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակին նուիրուած՝ երկօրեայ պաշտօնական այցով, կառավարական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Մոսկուա գացած ՀՀ վարչապետ Փաշինեան Ապրիլ 19-ին հանդիպում ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ, Մոսկուայի մերձակայ Նովօ-Օկորիովօ նստավայրին մէջ։

Փութին.- «Ղարաբաղի հարցով՝ դեռ շատ խնդիրներ կան» 

Գլուխ-գլխի հանդիպումէն առաջ, Ռուսաստանի նախագահը, ողջունելով իր հիւրը, յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով դեռ շատ խնդիրներ կան։ 

“Ի հարկէ, մեր ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլան ապահովութեան հարցերը, ներառեալ՝ անոնք որոնք կ՚առնչուին Ղարաբաղի։ Ձեզի հետ համաձայն եմ, դեռ շատ խնդիրներ կան։ Մենք Ձեզի հետ անընդհատ կապի մէջ ենք՝ եթէ ոչ ամէն շաբաթ, գոնէ 10 օրը անգամ մը անպայման հեռաձայնային զրոյց կ՚ունենանք։ Եւ  պարբերաբար հանդիպումներ ալ կ՚ունենանք, հակառակ անոր, որ համաճարակի շրջան է։ Ուրախ եմ Ձեզ տեսնելով. բարի գալուստ”,– ըսած է Փութին։

Ռուսաստանի նախագահը նշած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ցայսօր կնքուած է աւելի քան 200 համաձայնագիր, ինչ որ կը ստեղծէ գործակցութեան լաւ կարելիութիւն գրեթէ բոլոր ոլորտներու մէջ, բայց յա՛տկապէս՝ տնտեսականին։

“2021-ի մեր տուեալներով ապրանքներու շրջանառութեան աճը եղած է 12,8%։ Այս տարուան առաջին ամիսներուն եւս 50 տոկոս աւելցած է։ Ասիկա  շատ լաւ ցուցանիշ է այս ժամանակաշրջանին”,– եզրակացուցած է Փութին։

Իր կարգին վարչապետ Փաշինեան ալ, ի միջի այլոց, նշած է.- “Ռուսաստան կը հանդիսանայ Հայաստանի ռազմավարական գործընկերը. մենք արդիւնաւէտ կերպով կը գործակցինք Եւրասիական տնտեսական միութեան, ԱՊՀ-ի, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջանակին մէջ: Ոչ մէկու համար գաղտնիք է, որ Ռուսաստան ունի առանցքային դերակատարութիւն մեր տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան  ապահովման մէջ:

Կ՚ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել Ձեր առանցքային դերը 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ հրադադարի հաստատման  մէջ: Ատկէ ի վեր ռուս խաղաղապահները կը գործեն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ պէտք է ընդգծել, որ ընդհանուր առմամբ՝ անոնց գործունէութիւնը կ՚երաշխաւորէ ապահովութիւնը եւ պէտք է տեսնել, թէ ի՞նչ կարելի է ընել, որ այդ խաղաղապահներու գործունէութիւնը դառնայ աւելի արդիւնաւէտ:

Ի հարկէ, գլխաւոր քաղաքական հարցը մեր տարածաշրջանին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորումն է. կը յուսամ, որ այսօր այդ մասին ալ կը խօսինք: Ռուսաստան իմ այցը ունի շատ լայն օրակարգ, որու մեծ մասը կը վերաբերի այս բանակցութիւններուն: Վստահ եմ, պիտի յաջողինք ունենալ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ եւ շատ ուրախ եմ Ձեզ տեսնելով”:

Փութին իր ամփոփիչ խօսքին մէջ ըսած է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակին առթիւ Ռուսաստանի մէջ կը կազմակերպուին Հայաստանի մշակոյթի օրեր, իսկ Հայաստանի մէջ ալ տեղի կ՚ունենան Ռուսաստանի հոգեւոր մշակոյթի օրեր, եզրափակելով.- “Կը կարծեմ, որ այս երեւոյթը եւս մեր ուշադրութեան առարկայ պիտի դառնայ սոյն հանդիպման ընթացքին”: 

Այնուհետեւ, երկու երկիրներու ղեկավարները շօշափած են բազմազան բնոյթի հարցեր, զորս ամփոփած են իրենց տեսակցութենէն ետք հրապարակած հասարակաց երկարաշունչ յայտարարութեան մէջ, որու սկիզբը կ՚ըսուի հետեւեալը.-

«Առաջնորդները, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի դաշնակցային յարաբերութիւններուն բնորոշ կառուցողական եւ վստահութեան մթնոլորտի մէջ ունեցան միտքերու հանգամանալից փոխանակում՝ քաղաքական, ռազմական եւ ռազմաթեքնիք, առեւտրա-տնտեսական, գիտա-կրթական, մշակութային-մարդասիրական, ինչպէս նաեւ արդարադատութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու ոլորտներուն մէջ երկկողմ համագործակցութեան ընդարձակ օրակարգի շուրջ, գոհունակութեամբ նշեցին Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ բազմաբնոյթ, փոխադարձաբար շահաւէտ դաշնակցութեան զարգացման դրական ուժականութիւնը: Նաեւ քննարկուեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու շուրջ գործակցութեան վերաբերող այժմէական հարցեր»:

Ստորեւ վերոնշեալ յայտարարութենէն կարեւոր քանի մը հատուածներ.-

«Առաջնորդները միտքեր փոխանակեցին հարաւային Կովկասի իրավիճակին շուրջ: Արտայայտուեցան Ազերպայճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու պարբերական հանդիպումներու շրջանակին մէջ կառուցողական աշխատանքի շարունակութեան եւ երեք առաջնորդներու՝ 2020 Նոյեմբեր 9-ի, 2021 Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի համաձայնութիւններու հետեւողական գործադրման ի նպաստ, ի շահ տարածաշրջանի կայունութեան, անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման ապահովման: Շեշտեցին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի որոշիչ ներդրումը Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան ապահովման, բնակչութեան համար բարենպաստ եւ անվտանգ պայմաններու ստեղծման մէջ: Ընդգծեցին մարդասիրական անյետաձգելի հարցերու հրատապ լուծման եւ քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:

Այդ համածիրին մէջ հաստատեցին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ներուժի եւ փորձառութեան օգտագործման կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով անոր միջազգային լիազօրութեան հանգամանքը»։

«ՀՀ վարչապետը եւ Ռուսաստանի նախագահը ողջունեցին ռուսական աջակցութեամբ սկսած հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը»:

«Կողմերը նշեցին “3+3” տարածաշրջանային խորհրդատուական ձեւաչափի յաջող սկիզբը, որ կոչուած է ստեղծելու՝ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան քաջալերման եւ զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան լրացուցիչ կարելիութիւններ»:

«Որոշուեցաւ այսուհետեւ եւս նպաստել դէպի Հայաստան ռուսական ներդրումներու հոսքին: Ընդգծուեցաւ, որ Ռուսաստանէն տնտեսական գործիչները Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնական հարկատուներու կարգին են, կ՚ապահովեն աշխատանքի զգալի քանակի ստեղծում եւ կ՚ընդլայնեն որակեալ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու արհեստավարժական պատրաստութեան կարելիութիւնները»։

– «Փաշինեան եւ Փութին ընդգծեցին հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական հաղորդակցութեան եւ փոխադրական ուղիներու ամբողջական ապաշրջափակման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան աշխուժացման կարեւորութիւնը՝ Ազերպայճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի փոխվարչապետերու միացեալ նախագահութեան ներքեւ»:

«Ռուսական կողմը պատրաստ է նպաստելու Հայաստանի երկաթուղային ենթակառոյցներու, ներառեալ՝ Սիւնիքի եւ Հայաստանի այլ մարզերու երկաթուղիի վերականգնման ծրագրերուն»:

«Կողմերը հաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ ընդլայնելու հիւլէական ուժանիւթի խաղաղ օգտագործման բնագաւառին մէջ համագործակցութիւնը: Ողջունեցին Հայկական հիւլէակայանի շահագործման պայմանաժամուն երկարաձգումը եւ արտայայտեցին նոր ենթաբաժիններ կառուցելու կամք»:

«Փաշինեան եւ Փութին մտահոգութիւն յայտնեցին շարք մը երկիրներու կողմէ միակողմանի սահմանափակող միջոցներու կիրարկման կապակցութեամբ: Մտադրութիւն յայտնեցին միասնաբար յաղթահարելու նշեալ սահմանափակումներով ստեղծուած մարտահրաւէրները, ներառեալ՝ երկու երկիրներու պարէնային եւ ուժանիւթային ապահովութեան, լոժիսթիքի եւ այլ բնագաւառներու մէջ»։

– «Կողմերը որոշեցին 2021 Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ համաձայնութիւններուն հաւատարիմ՝ արագացնել հայ-ազերպայճանական սահմանազատման եւ անվտանգութեան հարցերու երկկողմ յանձնաժողովի ստեղծումը, Ռուսաստանի խորհրդատուական աջակցութեամբ, համաձայն՝ կողմերու փափաքին»:

«Կողմերը որոշեցին աշխուժացնել Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի եռակողմ գործակցութիւնը՝ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ, եւ ընդհանուր առմամբ՝ տարածաշրջանին մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու նպատակով: Նշեցին շահագրգիռ բոլոր դերակատարներու, ինչպէս նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ՄԱԿ-ի մասնագիտացած գործակալութիւններու, ներառեալ՝ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերու բարձրագոյն յանձնակատարի վարչութեան եւ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի՝ տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական խնդիրներու լուծման եւ բոլոր կարիքաւորներուն աջակցութեան ապահովման հարցերուն մէջ՝ մուտքի եւ մասնակցութեան երաշխաւորման կարեւորութիւնը»:

– «Ընդգծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաց լեզուի եւ Ռուսաստանի մէջ Հայոց լեզուի ուսումնասիրման համար բարենպաստ պայմաններու ապահովման կարեւորութիւնը, ներառեալ՝ Հայաստանի մէջ գործող համատեղ կրթական կազմակերպութիւններու եւ ռուսական բարձրագոյն ուսման հաստատութեանց մասնաճիւղերու արդիւնաւէտութեան բարձրացումով»:

*  *  *

Նշենք, որ վարչապետ Փաշինեան այս այցի շրջանակին մէջ հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Ռուսաստանի Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի, Դաշնակցային խորհուրդի նախագահուհի Վալենթինա Մաթվիենքոյի եւ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Այս հանդիպումներու ընթացքին ՀՀ վարչապետը ներկայացուցած է նախագահ Փութինի հետ իր տեսակցութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ  քննարկուած են միջխորհրդարանական եւ միջկառավարական յարաբերութիւնները։ 

Փաշինեան նախքան Երեւան վերադառնալը՝ գացած է նաեւ Նիժնի Նովկորոտ, ուր այցելած է «Գազ» մեքենաշինութեան գործատունը, ապա քաղաքի Քրեմլինին մէջ՝ Անմար կրակին ծաղկեսպակ զետեղած է, յարգանքի տուրք մատուցելով Հայրենական մեծ պատերազմի զոհերու յիշատակին, այցելած է նաեւ քաղաքի Արուեստի պետական թանգարանը, Զանգակատունը, Զինուորական փառքի ծառուղին, Միքայէլ Հրեշտակապետի տաճարը: Ապա, նահանգապետին հետ հանդիպումէն ետք՝ այցելած է հայկական Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցի, իր այցը եզրափակելով տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումով մը։   

*  *  * 

Աւելցնենք, որ հայաստանեան պատուիրակութեան այս այցի շրջանակին մէջ երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած է աշխատանքի-ընկերային հարցերու, արդարադատութեան (երկու), ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող 6 փաստաթուղթ։

*  *  *

Նախագահ Փութին ընդունած է 2022-ի երկրորդ կէսին՝ ՀԱՊԿ-ի հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանին առիթով Հայաստան այցելելու՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրը: