Քրեմլին արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կատարած յայտարարութեան, որով ան ճանչցած էր Ուքրաինայի հողային ամբողջականութիւնը, դատապարտելով «Ղրիմի բռնակցումը Ռուսաստանին»։
“Ղրիմի հարցին կապակցութեամբ Անգարայի արտայայտած տեսակէտին հետ մենք բնա՛ւ համաձայն չենք, բայց պիտի շարունակենք աշխատիլ թրքական կողմին հետ”,- յայտնած է Քրեմլինի ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքով։
Ռուսաստանի նախագահին բանբերը աւելցուցած է.- “Կը ցաւինք, որ այդ յայտարարութիւնները այսօր կը հնչեն, երբ կը նախապատրաստուի [Թուրքիոյ] նախագահին Ռուսաստան այցելութիւնը։ Մենք պիտի նախընտրէինք կեդրոնանալ երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ երկու երկիրներու միջեւ առկայ տարածաշրջանային լարուած խնդիրներու լուծման վրայ”։
Աւելցնենք, որ Ուքրաինայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսկի Էրտողանի հետ ԱՄՆ-ու մէջ ունեցած հանդիպումին՝ շնորհակալութիւն յայտնած է անոր, ՄԱԿ-ի բեմէն Ղրիմի բռնակցումը չճանչնալու իր հաստատակամ դիրքորոշման համար։ ■