Սուրբ Ծննդեան տօնին ընդառաջ` Դեկտեմբեր 31-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ՀՀ Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Մովսէս վարդապետ Սարգսեանի ուղեկցութեամբ, այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան արեւմտեան սահմանագծի մարտական դիրքեր:
Հայոց հայրապետը, իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները հաղորդելով սահմանապահ զինուորականներուն, մեծապէս արժեւորած է հայ զինուորին եւ հրամանատարին անձնուէր ու անմնացորդ ծառայութիւնը՝ հայրենիքին: Գարեգին Բ. ընդգծած է նաեւ, որ Հայոց բանակի քաջարի մարտիկները մշտապէս Հայոց հայրապետի եւ հայ եկեղեցականներու աղօթքներուն մէջ են:
Աւարտին, Կաթողիկոսը սրբապատկերներ, խաչեր եւ աղօթագրքեր ընծայած է զինուորներուն՝ մաղթելով անփորձանք եւ խաղաղ ծառայութիւն: