Մարտ 24-ին, Ստեփանակերտի «Արեւիկ» մանկական բուժարանի շրջափակին մէջ, խումբ մը կիներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է ցոյց մը՝ յանուն արցախցի երախաներու անվտանգութեան, խաղաղ մանկութեան եւ ապագայի։
«Արցախփրէս»-ի թղթակցին հետ զրոյցին, ցոյցի կազմակերպիչներէն Քրիստին Բալայեան նշած է, թէ իրենք հաւաքուած են՝ արցախցիներու ձայնը լսելի դարձնելու աշխարհին, քանի որ պատրաստ են պայքարելու՝ հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքի համար:
“Պատերազմի ժամանակ մեր տղաները հայրենիքի պաշտպանութեան համար պայքար մղեցին, իսկ հիմա մենք պէտք է թիկունք լինենք մեր տղաներին։ Թող աշխարհը իմանայ, որ Արցախում հարիւր հազարից աւելի Հայ է ապրում։ Արցախը մեր պապերի տունն է եւ մենք այստեղ կ՚ապրենք, կ՚արարենք ու կը ստեղծագործենք, մեր երախաների հետ միասին”,– ըսած է ան:
Տեղահանուած շուշեցի Ալիոնա Սարգսեան յայտնած է.– “Սա սոսկ մարդասիրական աղէտ չէ, եթէ այսօր չմիաւորուենք, չմիաբանուենք, ուս-ուսի չտանք` անկախ քաղաքական հայեացքներից, մենք պիտի չկարողանանք հասնել համերաշխութեան։ Եթէ այսօր լռենք, վաղը պատմութեան գրքերում նոր արիւնալի էջեր են լինելու։ 2020-ի պատերազմի պատճառով ես կորցրել եմ ամէն ինչ, անգամ հօրս գերեզմանին ներկայանալու պատիւը, սակայն այսօր այստեղ եմ, ապրում եմ եւ շարունակելու եմ ապրել Արցախում”։
Խաղաղ ցոյցէն ետք, մասնակիցները երթով ուղղուած են դէպի Ազատամարտիկներու պուրակը՝ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու պատերազմին իրենց կեանքի գինով դիմադրած քաջորդիներու յիշատակին: ■