Ինչպէս արդէն առիթը ունեցանք անդրադառնալու մէկէ աւելի անգամներ, Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի Ֆրանսա այցը հեռու է միաձայնութիւն վայելելէ։ Նախ ՀՅԴ-ի Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր կը յայտարարուէր թէ կուսակցութիւնը եւ իր քոյր կազմակերպութիւններն ու կառոյցները կը մերժեն որեւէ հանդիպում ունենալ անոր հետ, զայն համարելով «վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձին դրածոն եւ կամակատարը»։ Այս առաջին եւ լուրջ կնճիռին վրայ եկաւ բարդուիլ CCAF-Սինանեան տագնապը, որուն անդրադարձանք մեր նախորդ թիւին մէջ, հարցը ներկայացնելով Սինանեանի տեսանկիւնէն։
Իսկ Փետրուար 14-ին, CCAF-ի համանախագահ Արա Թորանեան այս տագնապին մասին վարչապետ Փաշինեանին յղած է բաց նամակ մը, որու խորագրին մէջ «Գլխաւոր յանձնակատար»-ին չակերտումը արդէն կ՚ազդարարէ բովանդակութեան երանգին մասին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք խնդրոյ առարկայ նամակը, ֆրանսերէնէ թարգմանաբար.-
«Պարոն վարչապետ,
Սիրելի Նիկոլ Փաշինեան,
ցաւով կը տեղեկացնեմ ձեզի, որ Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատարի վերաբերումը,– որ յամառօրէն կը շարունակէ հրապարակայնօրէն երաշխաւորել փոքր խմբաւորումներ, որոնք հանդէս կու գան որպէս CCAF-ի հակառակորդներ եւ քարոզչութիւն կը ծաւալեն անոր դէմ,– մեզի ստիպեց ջնջելու՝ մեր ընկերակցութիւններուն կողմէ Ֆրանսայի մէջ անոր շրջապտոյտին կազմակերպումը։
Ինչպէս գիտէք, մեր դիմումով՝ պարոն Սինանեան յօժարած էր յետաձգել Հոկտեմբերին նախատեսուած իր այցը եւ մեզի վստահիլ այցին կազմակերպումը։ Այն ատեն մենք համաձայնած էինք, որ ան հանդիպի CCAF-ին ընդդիմադիր, ի՛ր ընտրած Հայերուն հետ, անձնական միջավայրի մէջ, եւ սակայն ձեռնպահ մնայ վերջիններուս հետ հանրային հանդիպումներ ունենալէ, այն պահէն սկսեալ երբ մենք ստանձնենք իր շրջապտոյտին կազմակերպումը, ինչ որ նուազագոյն սպասում մըն էր:
Ուստի, Փետրուար 1-ին զարմանքով վերահասու դարձանք Ռեմի Մաքինաճեանի նախագահած «Հայկական շարժում»-ի ծանուցումին, ուր կը յայտարարուէր պարոն Սինանեանի հետ հանրային հանդիպում մը, Փարիզի 15-րդ թաղամասի քաղաքապետարանին մէջ։
Այս նախաձեռնութիւնը հակասական ըլլալով մեր համաձայնութիւններուն՝ պարոն Սինանեանէն խնդրեցինք յարգել իր պարտաւորութիւնները եւ հրաժարիլ իր մասնակցութենէն տուեալ հանրային հանդիպումին, նշելով որ՝ այլապէս մենք ալ պիտի պարտաւորուէինք վերանայիլ՝ Ֆրանսա կատարած շրջապտոյտին կապակցութեամբ մեր յանձնառութիւնները։ Գլխաւոր յանձնակատարին տեղեկացուցինք, որ այս հարցով մենք վճռակամ ենք նա՛մանաւանդ այն պատճառով, որ այս «շարժումը» տուեալ պահուն կը հովանաւորէ Դիմագիրքի մէջ՝ իրեն առնչուած խումբի մը CCAF-ի համանախագահներու հրաժարականը պահանջող հրապարակային արշաւը։
Մենք խորապէս կ՚ափսոսանք, որ հակառակ այն ժամանակ մեր ենթարկուած յարձակումներուն, Գլխաւոր յանձնակատարը գերադասեց մասնակցիլ այս փոքր խմբաւորման հանդիպումին,– որ համախմբած է ընդամէնը 55 հոգի,– այլ ոչ թէ CCAF-ի ընթրիքին, որ ի մի բերաւ 460 հոգի, 4 նախարարներ, ի շարս որոնց՝ Ֆրանսայի նախարարապետը, ինչպէս նաեւ երկրի քաղաքական դասի վերնախաւը, ներառեալ՝ Փարիզի քաղաքապետուհին ու Իլ-տը-Ֆրանս շրջանի նախագահուհին, երկուքն ալ թեկնածու՝ նախագահական յաջորդ ընտրութիւններուն։ Կը ցաւինք, որ ան նոյնպէս նախընտրեց ինքզինք զրկել մեր համագործակցութենէն, ինչ որ իրեն պիտի ապահովէր ներդաշնակ շրջապտոյտ մը՝ քաղաքական եւ համայնքային շահեկան հանդիպումներով: Ատոր փոխարէն, ան կը կատարէ «զեղչուած» շրջապտոյտ մը, հասարակական վէճերու մթնոլորտի մը մէջ, զոր ինք իսկ յարուցեց՝ Փետրուար 9-ին (sic – պէտք է ըլլայ Փետրուար 10-ին – «ՆՅ») Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած իր ասուլիսին CCAF-ի դէմ թշնամական արտայայտութիւններ ունենալով: Ասիկա ծանրակշիռ է՝ նկատի ունենալով անոր պաշտօնը։
Մինչ Ֆրանսայի մէջ մենք ունինք Հայաստանի համար միասնական եւ արդիւնաւէտ կառոյց,– որ Սփիռքի մէջ ամէնուր կը դիտուի որպէս օրինակելի,– առնուազն անպատասխանատու քայլ է, որ Գլխաւոր յանձնակատարը՝ ազգային գործիչի ոչ մէկ իրաւասութիւն վայելող գործարարի մը գլխաւորած Հայկական շարժումին հետ անցեալ տարի ստորագրեց համագործակցութեան այսպէս կոչուած՝ «համընդհանուր եւ ուժեղացուած» համաձայնագիր մը, որ անոր (Հայկական շարժումին – «ՆՅ») կը շնորհէ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն մօտ Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայացնելու իրաւունքը: Բան մը, զոր պարոն Մաքինաճեան (որ, հարկային նկատառումներով կը բնակի Պելճիքա) չի վարանիր շահագործելու, այդպէսով ստեղծելով խառնաշփոթ, աններդաշնակութիւն եւ ստորնացնելով մեր համայնքին վարկը պետական իշխանութիւններուն մօտ, որոնք զայն կ՚ընկալէին որպէս միասնական, զօրաւոր եւ կազմակերպուած։
Մենք կը յուսայինք, որ պարոն Սինանեան հասկցած կ՚ըլլայ իր սխալը, ու իր շրջապտոյտին համար կը դիմէ CCAF-ին: Բայց մենք ունեցանք տհաճ անակնկալը, հաստատելով որ՝ ո՛չ, այդպէս չէ:
Յամառելով իր սխալին մէջ՝ Գլխաւոր յանձնակատարը կը նպաստէ պառակտումի՝ հոն ուր կը տիրէր միասնութիւն, եւ կը տկարացնէ ֆրանսահայ համայնքի քաղաքական կշիռը։
Սփիռքի ամէնէն քաղաքականացած եւ կառուցեալ բեւեռը տկարացնելու այս փորձերը զարհուրելի են։ Եւ ես ձեզի երախտապարտ պիտի ըլլայի, եթէ ասոր վերջ դնէիք՝ յանուն մեր ազգային շահերուն, բայց նաեւ յեղափոխութեան սկզբունքներուն, ըստ որոնց, համոզուած եմ՝ երբեք բան պէտք չէ զոհել շահախնդրութեան (clientélisme), եւ ոչ ալ պէտք է նախապատւութիւն տալ սակաւապետական քաղաքական նկրտումներուն, ի վնաս ընկերակցական միասնական շարժումի մը կողմէ ներկայացուած ժողովրդական օրինականութեան եւ իսկական հայրենասիրութեան։ Այս առումով յատկանշական է, որ այս գործարարները կը յայտնուին ֆրանսահայ սփիւռքի բեմին վրայ, ճիշդ այն պահուն, երբ CCAF կը ստեղծէ ուժի լծակներ՝ պետութեան վերին մասին պարտադրելով հայկական իրողութիւնը:
Հուսկ, վերջին ճշդում մը բոլոր անոնց համար, որոնք կրնան փորձել ձեզ համոզել, որ այս ամէնուն ետին կանգնած են «դաշնակները». CCAF կը համախմբէ համայնքի բոլոր բաղադրիչները, եւ ես ինքս ձեր բացայայտ համակիրներէն մէկն եմ եւ կանոնաւորաբար ձեր կողմը բռնած եմ, յատկապէս երբ ՀՅԴ-ն ձեր հրաժարականը կը պահանջէր:
Բայց եւ այնպէս, կարծիքներու այս բազմազանութիւնը, այս բազմակարծութիւնը եւ երբեմն հակասութիւնները չեն խանգարեր, որ ըլլանք գործընկերներ ֆրանսական շրջանակներու մէջ, որպէս CCAF՝ պաշտպանենք հայկական պետութիւնը եւ Ֆրանսահայութեան իրաւունքները, ինչ որ մտադիր ենք շարունակելու միաբանօրէն, հակառակ Գլխաւոր յանձնակատարին ըրած առնուազն վիճելի նախընտրութիւններուն։
Պարոն վարչապետ, խնդրեմ ընդունեցէք խորին յարգանքներուս հաւաստիքը։
ԱՐԱ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
CCAF-ի համանախագահ»