Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վալերի Փեքրէս Արցախ այցելած է

Ձախէն՝ ԱՀ Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Ֆրանսայի մէջ ԱՀ մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան՝ «Հանրապետականներ» կուսակցութեան թեկնածու Վալերի Փեքրէս եւ իր գլխաւոր աջակիցներէն՝ Պրիւնօ Ռըթայօ եւ Միշէլ Պարնիէ

Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեան՝ «Հանրապետականներ» կուսակցութեան թեկնածու, Իլ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի նախագահուհի Վալերի Փեքրէս Դեկտեմբեր 21-ին Արցախ այցելած է։ Տեղեկութիւնը հաղորդած է France TV-ի մեկնաբան Ժիւլիէն Նենի։

«Վալերի Փեքրէս այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ։ Ան հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ։ Ապահովութեան նկատառումներէ մեկնելով՝ այցը չլուսաբանեց Հայաստան գտնուող ֆրանսական լրատու միջոցներու մեծ մասը, ներառեալ՝ France TV-ն»,– թուիթըրեան իր հաշիւին գրած է լրագրողը։

Նշենք, որ Փեքրէս Երեւան ժամանած էր Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 21-ին, զինք ընդունած էին ՀՀ նախագահը, Ազգային ժողովի նախագահը։ Ֆրանսացի քաղաքական գործիչը հայաստանցի պաշտօնեաներուն հետ քննարկած է ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը։

Ընտրուելու պարագային՝ Փեքրէս կը խոստանայ աշխուժացնել Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը հարաւային Կոսվկասի մէջ։ “Մենք գիտենք,– եւ այդ մասին յայտարարեց նաեւ Ֆրանսայի կառավարութիւնը,– որ հակամարտութեան, յարձակման պատասխանատւութիւնը ակնյայտօրէն կը կրեն Ազէրպայճանը, անոր թուրք դաշնակիցները, ինչպէս նաեւ շարք մը սուրիացի ճիհատականներ”,– Երեւանի մէջ յայտարարած էր Փեքրէս։

 

Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի հաղորդագրութիւնը

Փեքրէսի՝ Արցախ այցելութեան մասին

Աւելի ուշ նաեւ Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակը հաստատեց Փեքրէսի՝ Արցախ այցելութեան լուրը, հետեւեալ հաղոր-դագրութեամբ.-

«Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հու­թեան «Հան­րա­պետա­կան­ներ»-ու թեկ­նա­ծու Վա­լերի Փեք­րէս երէկ (Դեկ­տեմբեր 22-ին – «ՆՅ») Ար­ցախ գնաց իր եր­կու կա­րեւոր աջա­կից­նե­րուն՝ Մի­շէլ Պար­նիէի եւ Պրու­նօ Ռը­թայո­յի ու­ղեկցու­թեամբ։ Այ­ցը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հան­րա­պետա­կան թեկ­նա­ծուին Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան շրջա­նակին մէջ։

“Մենք պէտք է ող­ջունենք Ֆրան­սա­յի նա­խագա­հու­թեան թեկ­նա­ծու­նե­րուն Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան ցու­ցա­բերած աջակ­ցութիւ­նը, որով­հե­տեւ այդ աջակ­ցութիւ­նը թարգմանն է թուրք-ազէր­պայճա­նական դա­շին­քին կող­մէ այս պե­տու­թեան վրայ գոր­ծուած յար­ձակման յա­ռաջա­ցու­ցած վրդո­վու­մին, ինչպէս նաեւ՝ այդ յար­ձա­կու­մէն բխող իրա­վիճա­կին՝ մի­ջազ­գա­յին հան­րութեան կող­մէ բա­ցար­ձակ մեր­ժումին”,– հաս­տա­տեց Ֆրան­սա-Ար­ցախ Բա­րեկա­մու­թեան շրջա­նակի նա­խագահ Ֆրան­սուա Փիւ­փո­նի։

Այս այ­ցի շրջա­նակին մէջ Վա­լերի Փեք­րէս զրու­ցեց Ար­ցա­խի Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Արա­յիկ Յա­րու­թիւնեանի հետ։ Ան իր պա­տուի­րակու­թեան հետ այ­ցե­լեց նաեւ երկրի ֆրան­սա­խօսու­թեան կեդ­րո­նը՝ Maison Paul Eluard-ը եւ քննար­կումներ ու­նե­ցաւ Ար­ցա­խի թե­մի առաջ­նորդ Վրթա­նէս եպիս­կո­պոս Աբ­րա­համեանի հետ։

“Ար­ցա­խը կը մարմնա­ւորէ ժո­ղովուրդի մը իր պա­պենա­կան հո­ղերուն վրայ ապ­րե­լու կամ­քը, հա­կառակ Պա­քուի եւ Ան­գա­րայի վար­չա­կար­գե­րուն հրահ­րած ցե­ղային զտման գոր­ծո­ղու­թիւննե­րուն։ Ար­ցախցի­ները կը կազ­մեն ժո­ղովուրդ մը, որ մտադ­րած է ապա­հովել իր ան­վի­ճելի իրա­ւունքնե­րուն նկատ­մամբ յար­գանքը եւ կը մեր­ժէ իս­կա­պէս ող­բերգա­կան ճա­կատա­գիրը բաժ­նել այն գաղ­թա­կան­նե­րուն, որոնք կու գան ապաս­տան գտնե­լու Արեւ­մուտքի մէջ”,– ընդգծեց Ֆրան­սուա Փիւ­փո­նի։ “Նաեւ այս պատ­ճա­ռով է, որ պէտք է աջակ­ցինք անոնց, քա­նի որ ատի­կա ոչ միայն մեր բա­րոյա­կան պարտքն է, այլ նաեւ մեր եւ բո­լոր ազ­գե­րու շա­հուն է”,– եզ­րա­փակեց Ֆրան­սա-Ար­ցախ Բա­րեկա­մու­թեան շրջա­նակի նա­խագա­հը:

Բա­րեկա­մու­թեան շրջա­նակը կը յի­շեց­նէ, որ յա­նուն Ար­ցա­խի եւ Հայ դա­տի զօ­րաշար­ժը գե­րիվեր է նոյ­նիսկ Ֆրան­սա­յի ամ­բողջ քա­ղաքա­կան դա­սէն: Ան­ցեալ Նո­յեմ­բե­րին Ծե­րակոյ­տը հիւ­րընկա­լեց Հա­յաս­տա­նին նուիրուած ծա­ւալուն գի­տաժո­ղով մը եւ Դեկ­տեմբեր 19-ին ալ ստեղ­ծեց Ար­ցա­խի մի­ջազ­գա­յին տե­ղեկատ­ւութեան խումբ մը:
Բա­րեկա­մու­թեան շրջա­նակի նա­խագահ Ֆրան­սուա Փիւ­փո­նի այժմ կ՚աշ­խա­տի Ազ­գա­յին ժո­ղովին մէջ Ար­ցա­խի հար­ցի աշ­խա­տան­քա­յին խումբի մը ստեղծման վրայ, որ պի­տի լրաց­նէ Ծե­րակոյ­տի աշ­խա­տան­քա­յին խումբը»
,– ըսուած է Ֆրան­սա-Ար­ցախ Բա­րեկա­մու­թեան շրջա­նակի հա­ղոր­դագրու­թեան մէջ։