Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վարչապետը այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն

Դեկտեմբեր 31-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: Ան յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախեան պատերազմին Հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ զետեղած անհետացած ազատամարտիկներու յուշակոթողին, սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն և ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: