Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վարչապետ Փաշինեան Մարտ 8-9-ին Ֆրանսա  կ՚այցելէ

Նախագահ Մաքրոն, Մարտ 3-ին, ֆրանքեւհայկական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին նուիրուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ Փաշինեանը հրաւիրած էր Փարիզ` մասնակցելու Ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան համաժողովին:

Ընդառաջելով այս հրաւէրին՝ վարչապետ Փաշինեան Մարտ 8-ին աշխատանքային երկօրեայ այցելութեամբ կը ժամանէր մայրաքաղաքս: 

Ըստ ՀՀ վարչապետի մամլոյ ծառայութեան, որ կը հաղորդէր լուրը` այցի շրջանակին մէջ Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենար նախագահ Մաքրոնի հետ: Երկու երկիրներու առաջնորդները Մարտ 9-ին, Փարիզի մէջ պիտի մասնակցէին «Յաւակնութիւններ՝ Հայաստան-Ֆրանսա» խորագրով համաժողովին:

Այս համաժողովին նախատեսուած էր Հայաստանի ու Ֆրանսայի կառավարութիւններու անդամներուն կողմէ՝ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման վերաբերող հարցերու քննարկում: Համաժողովին ելոյթներ պիտի ունենային վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Մաքրոն: