Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ. Հայաստանի մէջ բաւական զօրաւոր երկրաշարժ

Հայաստանի մէջ Կիրակի, Փետրուար 13, տեղական ժամով 22.25-ին բաւական զօրաւոր երկրաշարժ մը արձանագրուած է։ Ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ զգալի եղած են հզօր ու տեւական ցնցումներ։

Երկրաշարժը ցնցած է նաեւ Գիւմրի եւ Վանաձոր քաղաքները։ Ցնցումներէն յետոյ, Գիւմրիի որոշ թաղամասերուն մէջ ելեկտրականութիւնը խզուած է։ Երկու քաղաքներուն մէջ ալ մարդիկ վախէն դուրս ելած են շէնքերէն։

Եւրոպական միջերկրականեան երկրաշարժաբանական կեդրոնին համաձայն` երկրաշարժին վերնակեդրոնը կը հանդիսանար Վրաստանի հարաւի Սամեպա գիւղը, որ կը գտնուի Գիւմրիէն 43 քմ. հիւսիս-արեւմուտք։ Հոն արձանագրուած է 5,4 ուժգնութեամբ ցնցում։

Թիֆլիսի մէջ նոյնպէս ցնցումները զօրաւոր եղած են, նկատի ունենալով որ՝ վերնակեդրոնը կը գտնուի վրացական մայրաքաղաքէն ընդամէնը 53 քմ. հեռաւորութեան վրայ։