Ան հացադուլ յայտարարած է |
Վրաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Միխայիլ Սաակաշվիլի Հոկտեմբեր 1-ին ձերբակալուած է հայրենիք վերադառնալէ ետք, դեռ խորհրդաւոր մնացող պարագաներու տակ։
Սաակաշվիլի Վրաստանը լքած էր 2013-ին։ Անոր դէմ իր երկրին մէջ յարուցուած էին քրէական չորս գործեր, բոլորն ալ ծանրակշիռ մեղադրանքներով, իր պաշտօնական լիազօրութիւնները չարաշահելու ենթախորքին վրայ, եւ որոնք կը վերաբերէին ընդդիմութեան բողոքի ցոյցը բռնի ցրումէ մինչեւ մարդասպանութեան հետ առնչութիւն, անցնելով՝ հեռատեսիլի ընկերութեան իւրացումէ։
Նախկին ղեկավարը հաստատուած էր Ուքրաինա, ուր որոշ ժամանակ վարած էր Օտեսայի մարզպետի պաշտօնը։ 2015 Մայիսին ան ստացած էր ուքրաինական քաղաքացիութիւն, իսկ 2017 Յուլիսին Ուքրաինայի նախկին նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոյի հրամանով՝ զրկուած անկէ։ Այն ատեն Սաակաշվիլի կը գտնուէր ԱՄՆ։ Նորընտիր նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի անոր վերադարձուցած էր ուքրաինական անձնագիրը, որմէ ետք Սաակաշվիլի դարձեալ վերադարձած էր Ուքրաինա։
Վրաստանի նախկին նախագահը Հոկտեմբեր 2-ին բանտին մէջ հացադուլ յայտարարած է։ dw.com-ի համաձայն՝ լուրը հաղորդած է Վրաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպան Նինոյ Լոմճարիա՝ Ռուսթաւի քաղաքի բանտին մէջ նախկին ղեկավարին հետ հանդիպումէն ետք:
«Երբ ես ներս մտայ, ան բժշկական քննութեան կ՚ենթարկուէր: Այնուհետեւ մեզի առիթ տրուեցաւ զրուցել խուցին մէջ: Անոր դէմ ուժ չէ կիրարկուած. վերաբերումը գոհացուցիչ էր եւ բժշկական օգնութեան կարիք չունի»,- ըսած է Լոմճարիա եւ աւելցուցած, թէ Սաակաշվիլի ինքզինք քաղաքական բանտարկեալ կը նկատէ եւ իբրեւ Ուքրաինայի քաղաքացի կը փափաքի հանդիպում ունենալ իր երկրին հիւպատոսին հետ։