Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Տաշքենթի մէջ հակահայկական «գիտաժողով»՝ «թրքատեացութեան եւ հայկական ազգայնականութեան դէմ պայքարին մէջ թրքական ջանքերու միաւորման համար»

Ազերպայճանցի խումբ մը հասարակական գործիչներ կոչ ըրած են միաւորելու թրքական(*) ջանքերը հայկական ազգայնականութեան դէմ պայքարի գծով` վկայակոչելով Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ցեղային զտումները: Յայտարարութիւնը կատարուած է Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Տաշքենթի մէջ տեղի ունեցած «Վերադարձ դէպի Արեւմտեան Ազերպայճան եւ թրքական աշխարհ» խորագրով «գիտաժողով»-ի ընթացքին, ուր ազերպայճանցի բանախօսները դիմած են ուզպեք պատասխանատուներուն, օտար հիւրերուն եւ հանրութեան՝ «տարածաշրջանին մէջ թուրքերու (*) դիմագրաւած պատմական անարդարութիւններուն մասին»։

Ձեռնարկին ընդգծուած է « 20-րդ դարասկզբին հայ ազգայնականներու գործած վայրագութիւնները »՝ կեդրոնացուած է «ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան՝ նախկին Արեւմտեան Ազերպայճանի տարածքին թուրքերու ցեղային զտումներուն վրայ»:

“Այս գիտաժողովի նպատակն է բարձրացնել համատարած իրազեկութիւնը Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ թրքախօս ազգաբնակչութիւններու դէմ գործուած ցեղային զտումներու պատմութեան մասին”,– ըսած է ազերպայճանցի հասարակական գործիչ  եւ Միլլի Մեճլիսի (Ազգային ժողով) թեկնածու Եասեմէն Կարակոյունլու, ըստ Turan News ազերպայճանական գործակալութեան հաղորդած լրատւութեան։

Ան անդրադարձած է «պատմական իրադարձութիւններուն», ինչպէս օրինակ՝ «1918-ին Զանգեզուրի մէջ 35.000 ազերիներու ջարդին»: Ան նաեւ մատնանշած է «1924-ին Քերքուքի (այժմ՝ Իրաք) սպանութիւնները, ուր հայերը, բրիտանացիների աջակցութեամբ, սպանեցին 280.000 թուրքեր»: 

Կարակոյունլուի համաձայն՝ «հայ դաշնակները պատասխանատու են Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ, ներառեալ՝ Ուզպեքիստանի մէջ, հարիւրհազարաւոր թուրքերու մահուան»։

«Գիտաժողով»-ին ընդգծուած է կարեւորութիւնը «1918-ին թուրք հրամանատար Նուրու փաշայի բանակին ժամանումին Ազերպայճան եւ Տաղստան, որ կանխեց տեղի մահմետական բնակչութեան լիակատար ոչնչացումը»։ Կարակոյունլու նաեւ յիշեցուցած ներկաներուն, որ «20-րդ դարու սկիզբէն Արեւմտեան Ազերպայճանէն,– որ այժմ Հայաստանի տարածքն է,– աւելի քան 1,5 միլիոն ազերպայճանցի տեղահանուած է»:

Տաշքենթի ազերպայճանա-թրքական տան կազմակերպած այս «գիտաժողով»-ը աւարտած է բանաձեւի մը ընդունմամբ, որ կոչ կ՚ընէ «միաւորելու թրքական ջանքերը՝ պայքարելու համար հայկական ազգայնականութեան եւ թրքատեացութեան դէմ»:

_______

(*) Լրատւութեան մէջ, «թրքական» եւ «թուրք» եզրերը գործածուած են համայն թրքական արմատ ունեցող ազգաբնակչութիւններուն համար. այլ խօսքով՝ փանթուրքականութեան մաս կազմող ժողովուրդներուն։