Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան.– “Այսօրուան ճշդուած տուեալներով՝ 3812 զոհ ունինք, 217 հոգիի գտնուելու վայրը տակաւին անյայտ է”

Ազգային ժողովի Փետրուար 9-ի նիստին վարչապետը տուեալներ ներկայացուցած է 44-օրեայ պատերազմին զոհերու և անհետացածներու վերաբերեալ:

“Այսօրուայ ճշգրտուած տուեալով՝ 3812 զոհ ունենք, այդ թւում՝ 3736 զինծառայող, 76 քաղաքացիական անձ, իսկ 217 մարդու գտնուելու վայրը մնում է անյայտ. նրանցից 196-ը զինծառայողներ են, 21-ը՝ քաղաքացիական անձ”,– նշած է Փաշինեան, աւելցնելով թէ՝ անցնող մէկ տարուան ընթացքին հայկական կողմը Ազէրպայճանին վերադարձուցած է Արցախեան առաջին պատերազմէն անհետացած համարուող 108 անձի մարմին եւ յառաջիկայ օրերուն կը յանձնուին նաեւ երկու ուրիշներ։