Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան.– “Ես եմ արգելել Վահան Քերոբեանին հրաժարական տալ”

Արեգնազ Մանուկեան

Յունուար 19-ին, Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ժամանակ, «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխանուհի Արեգնազ Մանուկեան սփռած է Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանի ըսածներուն ձայնագրութիւնը, ուր ան կը խոստանայ հրաժարիլ, եթէ Հայաստանի մէջ 2021-ին երկնիշ աճ չարձանագրուի: “Սա ամբողջական ձայնագրութիւնն է, եւ երեւում է, որ դուք բոլորովին էլ կատակ չէք անում (Արդարեւ, Քերոբեան նոյն օրը յայտարարած էր, թէ ըսածը կատակ էր – «ՆՅ»),– յայտարարած է Մանուկեան ու շարունակած.- “Հարցումս հետեւեալն է.- ե՞րբ էք հրաժարական տալու”:

Հարցումին պատասխանած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ նշելով.– “Ես եմ արգելել Վահան Քերոբեանին հրաժարական տալ, եւ ես կ՚որոշեմ կառավարութեան իւրաքանիւր անդամ ինչքա՛ն կ՚աշխատի ու ինչքա՛ն չի աշխատի”: