Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Փաշինեան կը դատապարտէ Ազերպայճանի ու Թուրքիոյ դրօշներու հրկիզումը

Ապրիլ 24-ին, Վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան, պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցումին, ըսած է թէ վարչապետ Փաշինեան կը դատապարտէ նախորդ օր «Հանրապետութիւն» հրապարակին վրայ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի դրօշներու հրկիզումը:

«Վարչապետը կը դատապարտէ այդ գործելակերպը՝ զայն նկատելով անպատասխանատու եւ անընդունելի։ Միջազգայնօրէն ճանչցուած եւ մա՛նաւանդ դրացի պետութիւններու դրօշներու հրկիզումը պետութեան ղեկավարի կողմէ չի կրնար այլ վերաբերումի արժանանալ։ Այդ գրգռիչ եւ հրահրող գործելակերպ է»,– ըսած է Բաղդասարեան։

Ան աւելցուցած է, թէ միեւնոյն ժամանակ վարչապետը կը դատապարտէ Ազերպայճանի զինեալներուն կողմէ Սիւնիքի մարզի Խոզնավար գիւղի բնակելի տան ուղղութեամբ արձակուած կրակոցները եւ Ազերպայճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՚ընէ այդ դէպքերուն շուրջ հանդէս գալ պարզաբանումներով։

Նշենք, թէ Ապրիլ 23-ի իրիկունը ազերպայճանական կողմը կրակ բացած է Սիւնիքի մարզի Խոզնավար բնակավայրի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վնասուած է բնակելի տուն մը: