Հոկտեմբեր 1-ին, Շառլ Ազնաւուրի մահուան 3-րդ տարելիցին առիթով կատարուած է փարիզեան արուարձաններէն Գլամարի երաժշտանոցի՝ Շառլ Ազնաւուրի անունը կրող համերգասրահին հանդիսաւոր բացումը, որուն մասնակցած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան։
Ձեռնարկին ելոյթներ ունեցած են Գլամարի քաղաքապետ Ժան-Տիտիէ Պերժէ, Ազնաւուրի որդին՝ Միշա Ազնաւուր եւ Հայաստանի դեսպանուհին։ Վերջինս անդրադարձած է «100 տոկոս Ֆրանսացի և 100 տոկոս Հայ» արուեստագէտին անգնահատելի ներդրումին՝ ֆրանքեւհայկական բարեկամութեան և Հայաստանի ու Ֆրանսայի միջև առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ անոր կարևոր աւանդին, ինչպէս նաև՝ հակառակ պատմականօրէն հայ ժողովուրդի դիմագրաւած դժուար մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի վերածնունդին և անոր լաւագոյն ապագային հանդէպ Ազնաւուրի անսասան հաւատքին:
Արարողութեան ներկայ եղած են պետական բարձրաստիճան բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, ինչպէս՝ Հօ-տը-Սէնի Նահանգային խորհուրդի նախագահ Ժորժ Սիֆրետի, ծերակուտական Ֆիլիփ Փեմզեք, Անթոնիի և Պուլոնեը-Պիյանքուրի փոխնահանգապետ Ֆիլիփ Մաֆր, Ֆրանսայի Քաղաքապետերու միութեան ընդհ. քարտուղար, Սոյի քաղաքապետ Ֆիլիփ Լօռան, եւ հայ համայնքի հարիւրաւոր անդամներ։ Հանդիսութեան աւարտին « Harmonie de Clamart » նուագախումբին կատարողութեամբ հնչած են Ազնաւուրի հանրայայտ երգերը: