Ինչպէս հաղորդած էինք, այս օրերուն Ֆրանսա կը գտնուի Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան։ Ան Փարիզեան շրջանին մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ։
Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի ուղեկցութեամբ, ան նախ այցելեց Փարիզի սիրտին՝ «Հայաստանի բացատ»-ին մէջ գտնուող «Երեւանի պարտէզ»-ը, ուր ծաղիկներ խոնարհեց Կոմիտասի յուշակոթողին առջեւ։
Այնուհետև Սինանեան այցելեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդարանը եւ հանդիպում ունեցաւ Վահան եպիսկոպոս Յովհաննէսեանի և թեմի Պատգամաւորական ժողովի ներկայացուցիչներուն հետ։ Պաշտօնաւարտ առաջնորդը յանձնակատարին ներկայացուց թեմին գործունէութիւնը, երիտասարդներու աշխուժ աշխատանքը եւ նշեց, թէ այժմ թեմը ունի 27 եկեղեցի, ինչպէս նաեւ ամէնօրեայ ու միօրեայ հայկական դպրոցներ։
Արնուվիլի «Հրանդ Տինք» վարժարան այցելութեան ընթացքին, գլխաւոր հանձնակատարին ներկայացուեցան արևելահայերէնի և արևմտահայերէնի դասաւանդման, ինչպէս նաև ուսուցիչներու թիւի նուազման առնչուող հարցեր։ Դեսպանուհի Տոլմաջեանի ուղեկցութեամբ, Սինանեան հանդիպում ունեցաւ դպրոցի ուսուցչական անձակազմին եւ աշակերտութեան հետ։ Այժմ դպրոցը ունի 85 աշակերտ։ Յանձնակատարը հեռավար զրոյց ունեցաւ նաև դպրոցի ուսումնավար Կարապետ Տաքէսեանի հետ։
Սինանեան տեսակցութիւններ ունեցաւ նաեւ ֆրանսացի շարք մը բարձրաստիճան քաղաքական դէմքերու հետ։ Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ժիլպէր-Լիւք Տըւինայի և խումբին անդամներուն հետ հանդիպումին քննարկուեցան երկու երկիրներու համագործակցութեան, Ֆրանսայի տարածքին տարբեր բնագաւառներու մէջ Հայերու համարկման և բարեկամ ժողովուրդներու միջև յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման վերաբերող հարցեր։ Յանձնակատարը շնորհակալութիւն յայտնեց Ծերակոյտի անդամներուն հայանպաստ գործունէութեան համար՝ ընդգծելով Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին բանաձևի ընդունման կարեւորութիւնը։
Արնուվիլի քաղաքապետ Փասքալ Տոլի հետ տեսակցութեան ընթացքին, բարձր գնահատելով քաղաքապետին հոգածությունը տեղւոյն Հայերուն և յատուկ համակրանքը Հայաստանի ու Արցախի հանդէպ, Սինանեան՝ քաղաքապետը Հայաստան հրաւիրեց։
Նշենք, թէ Արնուվիլ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած է Երևանի Նուբարաշէն վարչական շրջանին հետ։ Նման յուշագիր մը առկայ է նաեւ Արցախի Շեխեր համայնքին հետ, որ այժմ կը գտնուի ազէրպայճանական բռնագրաւման տակ։
Ռենսիի քաղաքապետ Ժան-Միշէլ Ժընեսթիէի հետ հանդիպումին քննարկուեցան քաղաքին հետ կապերու զարգացման առնչուող հարցեր։ Յատկապէս շեշտուեցաւ «Դպրոցասէր» կրթական հաստատութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը։ “Քաղաքը իր կարելին կ՚ընէ «Դպրոցասէր»-ը ապրեցնելու համար, և դիւրութիւններ կ՚ընձեռէ դպրոցի աշակերտութեան՝ օգտուելու Ռենսիի ենթակառոյցներէն”,– նշեց քաղաքապետը։
Ֆրանսա այցի երկրորդ օրուան ընթացքին Գլխաւոր յանձնակատարը այցելեց Հայ աւետարանական եկեղեցի եւ հանդիպում ունեցաւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի պատուոյ փոխնախագահներ պատուելի Ժոէլ Միքայելեանի (Ֆրանսայի Հայ ավետարանական եկեղեցիներու նախագահ) եւ Ռընէ Լեւոնեանի հետ (Եւրասիոյ Հայ ավետարանական եկեղեցիներու նախագահ)։ Գլխաւոր յանձնակատարին ներկայացուեցան եկեղեցւոյ գործունէութիւնը, շուրջ 24 երկիրներու մէջ գործող Աւետարանական եկեղեցիներու կողմէ Հայաստանին եւ Արցախին ցուցաբերուող աջակցութիւնը։ «Անչափ գնահատում եմ ձեր աշխատանքը թէ՛ հայրենիքում, թէ՛ համայնքներում։ Պատրաստ ենք ամէն կերպ նեցուկ լինել”,– ընդգծեց Գլխաւոր “անձնակատարը՝ ընդգծելով յատկապէս կրթական, առողջապահական եւ մշակութային ծրագրերու կարեւորութիւնը։
Այնուհետեւ Գլխաւոր յանձնակատարը այցելեց Սեւրի «Սամուէլ-Մուրատ» վարժարանը։ “Որպէս հայ մարդ՝ մեծ ցաւ եմ ապրում՝ տեսնելով դպրոցն այս վիճակում։ Այստեղ պատմութիւն է կերտուել եւ այն ոչ մի գնով չպէտք է փակի իր էջը”,– ընդգծեց Գլխաւոր յանձնակատարը։
Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատարը նոյն՝ Չորեքշաբթի, Փետրուար 9-ի երեկոյեան, Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ «Հայկական շարժում» կազմակերպութեան տնտեսական խորհրդաժողովին, ուր ներկայացուց իր գլխաւորած գրասենեակին գործունէութիւնը և Հայաստանի տնտեսական կարելիութիւնները։
Ժողովին մասնակցած բանախօսները, իրենց կարգին, ներկայացուցին Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու հիմնական բնագաւառները, արտօնութիւնները, Հայաստան-Ֆրանսա տնտեսական համագործակցութեան առնչուող զանազան հարցեր։ Աւարտին որոշ համաձայնութիւններ գոյացան գործարարներու կողմէ հայաստանեան շուկայի կարիքներու գնահատման վերաբերեալ։
Փետրուար 10-ին, Զարեհ Սինանեան հանդիպում ունեցաւ Փարիզի քաղաքապետի՝ միջազգային համագործակցութեան հարցերու կցորդ Առնօ Նկաչայի հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններուն եւ Փարիզի Հայութեան առնչուող հարցեր։
Պաշտոնական հանդիպումէն յետոյ, Զարեհ Սինանեան այցելեց Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցի, ծանօթացաւ եկեղեցւոյ հարուստ պատմութեան, վերանորոգման արդիւնքներուն:
Գլխաւոր յանձնակատարը այնուհետեւ ՀՀ դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ ֆրանսահայ լրատու միջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ համայնքի մշակութային որոշ գործիչներու հետ։
Նշենք, թէ նախատեսուած էր Սինանեանի այցելութիւնը՝ Լիոն, Մարսիլիա եւ Նիս։