Ապրիլ 28-ին, Փարիզի 10-րդ շրջանի թաղապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Լիտիա Գասպարեանի՝ «Harmonies d’Arménie» խորագիրը կրող եւ Հայաստանին նուիրուած ինքնատիպ լուսանկարներ ներառող ցուցադրութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ներկայ էին եւ խօսք առին դեսպան Արման Խաչատրեան, 10-րդի թաղապետ Ալեքսանտրա Գորտըպառ եւ լուսանկարներուն հեղինակը։
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ֆրանսահայ «Երեւան» համոյթը, կատարելով Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական ժողովրդական երգեր։ Ցուցադրութիւնը կը շարունակուի մինչեւ Մայիս 20։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։