Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան գրաւոր պատասխանած է Արցախէն տեղահանուած անձերու նամակին։ Լուրը հաղորդած է «Յանուն Հադրութի» կազմակերպութեան նախագահ Լեւոն Հայրեան։
Ան յայտնած է, թէ Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներէն տեղահանուածներ պարբերաբար բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն ՀՀ կառավարութեան, Արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին եւ Ֆրանսայի դեսպանատան շէնքին մօտ՝ ներկայացնելով իրենց գաղթականի կարգավիճակի պահանջին եւ Արցախի ապագրաւման առնչուող հարցեր։
Ցարդ Հայաստանի կառավարութենէն ու Արտաքին գործոց նախարարութենէն Արցախցիներու նամակներուն չեն արձագանգած։
Հայրեան տեղեկացուցած է, թէ ամիսներ առաջ Ֆրանսայի դեսպանատան յանձնած իրենց նամակին պատասխանած է Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան։
Արցախցիներուն ուղղուած նամակին մէջ ան շեշտած է, թէ դիւանագիտական առումով Ֆրանսա կարևոր կը նկատէ կողմերու (Հայաստան-Ազէրպայճան) միջև երկխօսութեան վերսկսումը՝ հակամարտութեան խաղաղ և մնայուն կարգաւորման հասնելու նպատակով։
Ինչ կը վերաբերի Արցախցիներու հարցերուն՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղած է կապ հաստատելու Ֆրանսայի դեսպանատան հետ, որ լաւապէս կրնայ աջակցիլ, եթէ թոյլ տան նախատեսուած չափորոշիչները։