«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Լույօ յայտարարած է, թէ իբրեւ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր Ֆրանսա պատրաստ է արձագանգելու Հայաստանի կառավարութեան դիմումին եւ իր կարելին ընելու, որ մնայուն խաղաղութիւն հաստատուի Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի միջեւ։
Դեսպանուհին անգամ մը եւս վերահաստատած է Մարտ 9-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ֆրանքեւհայկական համագործակցութեան նուիրուած խորհրդաժողովին նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնը, ուր ան պատրաստակամութիւն յայտնած էր աջակցելու կողմերուն՝ խաղաղութեան հասնելու հեռանկարով։