Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ՝ Փարիզի մէջ Արշըվեշէի կամուրջը լուսաւորուեցաւ երկու երկիրներու եռագոյներով

Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ, Փարիզի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ՝ մայրաքաղաքիս 4-րդ թաղամասին մէջ գտնուող Արշըվեշէի կամուրջը (Pont de l’Archevêché), Հինգշաբթի, Փետրուար 24-ի երեկոյեան լուսաւորուեցաւ երկու երկիրներու եռագոյներով։ 

Փարիզի քաղաքապետարանին այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութիւնը ի միջի այլոց կ՚ըսէր որ՝ «Ֆրանսան եւ Հայաստանը միաւորող բարեկամութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը նշելու համար Արշըվեշէի կամուրջը պիտի լուսաւորուի երկու երկիրներու գոյներով՝ Հինգշաբթի, Փետրուար 24-ին, երեկոյեան 19.30-էն մինչեւ կէսգիշեր: Այս միջոցառումը առիթ է նշելու այն ամուր եւ առանձնայատուկ կապերը, որոնք իրարու կը կապեն Փարիզը, Երեւանն ու ամբողջ Հայաստանը եւ կը հանդիսանայ նոր հանգրուան մը երկու մայրաքաղաքներու յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ»։

 

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը

Երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առթիւ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հրապարակած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.-

«30 տարի առաջ Հայաստանը եւ Ֆրանսիան հաստատեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններ՝ այդպիսով նշանաւորելով դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած եւ մի շարք ոլորտներում գերազանց փոխգործակցութեամբ ամրապնդուած մեր միջպետական յարաբերութիւնների սկիզբը։

Ֆրանսիան Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի ամենամտերիմ բարեկամներից է եւ ամենավստահելի գործընկերներից մէկը՝ ազգերի միջազգային ընտանիքում։ Երեւանի եւ Փարիզի յարաբերութիւնները ամենաբարձր մակարդակի վրայ են։ Կողմերը աշխուժօրէն գործակցում են ե՛ւ երկկողմ, ե՛ւ բազմակողմ տարբեր ձեւաչափերով։

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսիայի Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուել են ճիշդ 30 տարի առաջ՝ 1992 Փետրուար 24-ին։

30 տարուայ ընթացքում Հայաստանի եւ Ֆրանսիայի միջեւ ստորագրուել է 16 փաստաթուղթ, այդ թւում՝ 1997 Դեկտեմբերի 9-ին ստորագրուած Շրջանակային համաձայնագիրը Հայաստանի եւ Ֆրանսիայի կառավարութիւնների միջեւ։

Երկկողմ ապրանքաշրջանառութիւնը, 2021-ի տուեալներով, կազմում է աւելի քան 94 միլիոն տոլար։

2018 Մարտի 31-ից Ֆրանսիայում ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը Յասմիկ Տոլմաջեանն է։ Իսկ Հայաստանում Ֆրանսիայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը՝ Անն Լույոն, որն իր հաւատարմագրերը ՀՀ նախագահին յանձնել է 2021 Սեպտեմբերի 30-ին»։