Հայաստան ժամանած՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մայիս 3-ին Ազգային ժողովի Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի ղեկավար Վլադիմիր Վարդանեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Ֆրանսացի խորհրդարանականները ծաղիկներ խոնարհած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած են սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:
Հիւրերը այցելած են նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած են Եղեռնը հաւաստող վաւերագրերուն եւ փաստաթուղթերուն: