Ֆրանսացի մէկ տասնեակէ աւելի քաղաքական զանազան հոսանքներու պատկանող առաջնորդներ միացեալ նամակ մը հրապարակած են Le Monde օրաթերթին մէջ` նախագահ Մաքրոնին կոչ յղելով անյապաղ միջամտելու՝ կանխելու համար մարդասիրական այն մեծ աղէտը, որ կը սպառնայ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին։
«Էմանիւէլ Մաքրոն պէտք է իր կարելին ընէ Արցախի եւ Հայաստանի հայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար»,– շեշտած են նամակին հեղինակները, նկարագրելով շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ տիրող անմխիթար կացութիւնը, ուր 120 000 հոգի, անոնց մէջ՝ 30 000 երախաներ զրկուած են կենսական պաշարներէ՝ ներառեալ սնունդէ եւ բժշկական անհրաժեշտ միջոցներէ։
Նամակին հեղինակները ընդգծած են, թէ Պաքուի գործողութիւնները հիմք կու տան ենթադրելու, որ Ազերպայճան կանգ պիտի չառնէ եւ ամէն առիթ պիտի օգտագործէ հալածելու Հայերը ցեղային զտման նպատակով:
Թուարկելով Հայերու դէմ Պաքուի պատերազմական յանցագործութիւնները, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին բռնագրաւումը, ցեղային ատելութեան քարոզը, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, խաղաղ բնակչութեան դէմ կրկնուող յանցագործութիւնները, ֆրանսացի քաղաքական դէմքերը դիտել տուած են, թէ նմանօրինակ որեւէ այլ հանգամանքի պարագային Ֆրանսա անպայման կը միջամտէր։
Անոնք կոչ ըրած են դատապարտելու Ազերպայճանը՝ միջազգային իրաւունքի դրոյթները խախտելուն, Հայաստանի տարածքը բռնագրաւելուն եւ պատերազմական ոճրագործութիւններուն համար, առաջարկելով Արցախի մէջ նախատեսել մարդասիրական ներկայութիւն, Հայաստանին ցուցաբերել անյապաղ տնտեսական օգնութիւն, հանդիպում ունենալ Արցախի ներկայացուցիչներուն հետ, նաեւ՝ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու գործընկերները համոզելու, որ ձեռնարկեն նոյն քայլերուն եւ միասնաբար Ազերպայճանի դէմ պատիժներ սահմանուին։
Ֆրանսացի քաղաքական առաջնորդները նաեւ յորդորած են երկրի նախագահին աշխատիլ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ միջազգային խաղաղապահ զօրախումբ առաքելու ուղղութեամբ:
Նամակին հեղինակները համոզում յայտնած են, թէ նախագահ Մաքրոն կրնայ կանխել պատմութեան կրկնութիւնը եւ ապացուցել, որ Ֆրանսա ազատ է եւ կրնայ ձերբազատիլ քաղաքական կամ տնտեսական կարճատես ռազմավարութիւններէ՝ յանուն իր մարդասիրական իտէալներու պաշտպանութեան: