Կիրակի, Ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի մէջ տեղի կ՚ունենար նախագահական ընտրութիւններու Բ. շրջանը, ուր իրարու դէմ պայքար կը մղէին «Յառաջացող Ֆրանսա»-ի պարագլուխ, պաշտօնաւարտ նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն եւ ծայրայեղ աջակողմեան «Ազգային համախմբում»-ի առաջնորդ Մարին Լը Փէն, որոնք առաջին շրջանին՝ Ապրիլ 10-ին, մեծագոյն տոկոսով քուէներ ստացած երկու թեկնածուներն էին։
Ըստ նախնական արդիւնքներու՝ պաշտօնաւարտ նախագահը վերընտրուեցաւ քուէներու 58,2%-ով, ընդդէմ իր մրցակցի 41,8%-ին։
Ինչպէս Ա. շրջանին, այս՝ Բ. շրջանին եւս Ֆրանսացիներու մեծամասնութիւնը մերժեց դիմել քուէատուփ, այնպէս որ Ապրիլ 24-ին ձեռնպահութեան տոկոսը գերազանցած էր 29%-ը, որ 1969-էն ի վեր ամէնէն բարձրն էր (1969-ին՝ 31,1%)։
Քիչ չեն անոնք, որոնք Մաքրոնի այս յաղթանակը կը վերագրեն իր մրցակցին դէմ տրուած քուէներուն, քան՝ բուն ինքն թեկնածուին եւ իր ծրագրին, մինչ մրցակիցն ալ իր յստակ պարտութիւնը ներկայացուց գրեթէ յաղթանակի պէս, նշելով որ՝ շուրջ 42 տոկոս կը նշանակէ միլիոնաւոր Ֆրանսացիներ եւ անոնք այլեւս ունին իրենց ըսելիք խօսքը։ Լը Փէն այժմէն էջը դարձուցած եւ հայեացքը յղած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոնց մեծ յոյսեր կապած ըլլալ կը թուի։ Այդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այս տարուան Յունիս 12-ին եւ 19-ին, Ա. եւ Բ. շրջաններով։
Նշենք, որ Ա. շրջանի թեկնածուներէն շատեր, որոնք պարզապէս պատուար կանգնելու համար ծայրայեղ աջակողմեան թեկնածուին ընտրութեան՝ կը զօրակցէին Մաքրոնին, Մարին Լը Փէնի հետ նոյն կեցուածքը կը ցուցաբերեն, այսինքն, ողջունելով հանդերձ պաշտօնաւարտ նախագահին յաղթանակը, կը յիշեցնեն, որ ատիկա չի նշանակեր զօրակցիլ անոր քաղաքականութեան եւ բոլորն ալ ներկայիս արդէն իրենց հաշիւները ընելու լծուած են երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ։
Ինչ կը վերաբերի նախագահականի յաղթական Մաքրոնին, նոյն իրիկունը Շան տը Մարսի մէջ կ՚արտայայտուէր իր վերընտրութեան առթիւ, համակիրներու այլապէս խանդավառ հոծ բազմութեան մը առջեւ։ ■