Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը ողջունած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ վերջերս տեղի հաստատուած հեռաձայնային ուղղակի կապը եւ անոնց որոշումը` հրաւիրելու սահմանային հարցերու երկկողմ յանձնաժողով եւ բանակցութիւններ սկսելու երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Ֆրանսա պիտի շարունակէ լիակատար աջակցութիւն ցուցաբերել այդ գործընթացին:
«ԵՄ-ի “Արևելեան գործընկերութեան” հարցերու Ֆրանսայի դեսպան Պրիս Ռոքֆէօյ գալ շաբաթ պիտի մեկնի Պաքու` Ապրիլ 11-էն 14 Երեւան կատարած իր այցէն ետք իր դիտարկումները շարունակելու նպատակով»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: