Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, թէ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեանի նախաձեռնութեամբ Ապրիլ 19-ին տեղի ունեցած է աշխատանքային հանդիպում՝ Ֆրանսայի վարչապետին առընթեր Հաւասարութեան, բազմազանութեան հարցերու լիազօր նախարարուհի Էլիզապէթ Մորենոյի եւ Ֆրանսայի մէջ հաւատարմագրուած շարք մը կին դեսպաններու մասնակցութեամբ։ Հանդիպման ընթացքին, ի միջի այլոց քննարկուած են արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզին մէջ՝ դիւանագէտ կիներու դերին, կիներու եւ այրերու միջեւ իրաւունքներու հաւասարութեան եւ հաւասար կարելիութիւններու առնչուող, ինչպէս նաեւ այժմէական օրակարգի այլ հարցեր։ Ընդգծուած է որ՝ կրթութիւնը սեռերու միջեւ հաւասարութեան երաշխիք կը հանդիսանայ։