Հոկտեմբեր 20-ին, Օվերնեը–Ռոն Ալփի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Լօռան Վոքիէ, Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան հանդէս եկած են միացեալ մամլոյ յայտարարութեամբ՝ Սեպտեմբեր 13-էն 14 Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ազերպայճանի լայնածաւալ յարձակման եւ անոր հետեւանքներուն, Օվերնեը–Ռոն Ալփի եւ Հայաստանի միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Շրջանին եւ Սիւնիքի մարզին միջեւ գործընկերութեան հաստատման մտադրութեան վերաբերեալ։
Իր ելոյթին տիկին Տոլմաջեան շնորհակալութիւն յայտնած է Լօռան Վոքիէին եւ Խորհուրդի անձնակազմին՝ մնայուն կերպով Հայաստանի եւ Արցախի կողքին ըլլալնուն համար։ Այս համածիրին մէջ ան բարձր գնահատած է Վոքիէի՝ Ազերպայճանի շարունակական յարձակման պայմաններուն մէջ Սիւնիքի մարզին հետ գործակցութիւն հաստատելու յանձնառութիւնը։
Նոյն օրը Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանային խորհուրդը իր լիագումար նիստին ընդունած է «Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանը Հայաստանի կողքին է» բնաբանով գործողութիւններու ծրագիր մը, որով խորհուրդը խստօրէն կը դատապարտէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ազերպայճանի յարձակումը եւ իր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին։ Նշեալ ծրագրով կը նախատեսուի նաեւ Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանին կողմէ տարբեր նախաձեռնութիւններու շրջանակին մէջ ընդհանուր առմամբ 300 հազար եւրօ գումարի յատկացում՝ հակամարտութեան հետեւանքներու յաղթահարման մէջ Հայաստանի բնակչութեան աջակցելու նպատակով։ Ծրագրի իրագործման կարեւոր բաղադրիչ է նաեւ Սիւնիքի մարզի եւ Օվերնեը–Ռոն Ալփի շրջանի միջեւ գործընկերութեան հաստատումը։
Լօռան Վոքիէ այս առթիւ, Դիմագիրքի իր էջին գրած է.-
«Այո՛, Հայաստան յարձակման կ՚ենթարկուի, քանի որ քրիստոնեայ երկիր է, եւ այս իրողութիւնը հերքելը մեծ սխալ կ՚ըլլայ:
Հայոց ցեղասպանութիւնը մեզ կը ստիպէ մտածելու, որ ոչինչ աւելի սարսափելի պիտի ըլլար, քան՝ Հայաստանի կրկին յանձնումը նո՛յն դահիճներուն։ Մենք Հայաստանին պարտք ունինք մատուցելիք՝ զայն մինակ չթողելու հսկաներու ճիրաններուն մէջ, որոնք դարձեալ կը փորձեն տրորել զայն:
Իւրաքանչիւր քայլ, որ մենք կրնանք առնել՝ Հայաստանը պիտի գօտեպնդէ գոյատեւելու իր վճռակամութեան մէջ: Իւրաքանչիւր քայլ յոյսի նշոյլ մըն է: Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր առաւօտեան մեր Շրջանը ընդունեց Հայաստանին աջակցութեան ծրագիր՝ վերջին յարձակումներէն յետոյ, եւ մենք ստորագրեցինք համագործակցութիւն Սիւնիքի մարզին հետ՝ յիշեցնելու համար մեր ընծայած կարեւորութիւնը անոնց հողային ամբողջականութեան»։