Հանրապետական (LR) երեսփոխան Տինօ Սինիերի յայտարարած է, թէ կը լքէ Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Ազէրպայճան բարեկամութեան խումբը։ Ան այդ որոշումը կայացուցած է Ազէրպայճան գտնուող հայ ռազմագերիները՝ չարչարանքի տակ, քրիստոնէութենէ հրաժարման պարտադրելու մասին փաստերուն պատճառով, զորս վերջերս հրապարակեց ՀՀ Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան։
Ստորեւ երեսփոխանին նամակը, իր որոշումին մասին (ֆրանսերէնէ թարգմանաբար).-
«Մինչ Հայերը կը նշեն Սուրբ Ծնունդը եւ մեծ յոյսը, զոր կը ներշնչէ խաղաղութեան այս տօնը, ես սարսափով կը տեսնեմ, որ Ազէրպայճան կը չարչարէ ու կը խոշտանգէ հայ զինուորները եւ խաղաղ բնակիչները ամենավատ ձեւով՝ այրելով անոնց մորթին վրայի կտածումները (tatouages)՝ խաչերը, զորս անոնք կը կրեն ի նշան իրենց հաւատքին հաւատարմութեան։
Այս բարբարոսական գործելակերպը անտանելի է եւ անվայել՝ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկրի մը եւ Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) մաս կազմող վարչակարգի մը համար:
2020 Սեպտեմբեր 27-ին ներխուժելով Արցախ՝ Ազէրպայճան կ՚ուզէր մեզի հաւատացնել, որ ատիկա պարզ տարածքային խնդիր մըն է։
Տարի մը ետք, մինչ հակառակ միջազգային համաձայնագրերուն՝ ռազմագերիները դեռ կը պահուին ազէրպայճանական բանտերուն մէջ, վարչակարգը իր խաղքութեան մէջ քայլ մը անդին կ՚երթայ՝ յօրինելով հակաքրիստոնէական խոշտանգումներու նոր ձեւեր:
Աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակները՝ Հայերը 2000 տարիէ ի վեր, առանց ցուցադրականութեան, կը կրեն իրենց հաւատքը խորհրդանշող խաչը։ Այսօր Ազէրպայճան այս կրօնական խորհրդանիշը հագուստներու տակէն դուրս բերելով՝ կրակով ոչնչացնելու եւ հայ ժողովրդին տանջալից տառապանք պատճառելու համար, կը գերազանցէ անտանելիի սահմանները։
Ուստի ես որոշեցի լքել Ֆրանսա-Ազէրպայճան բարեկամութեան խումբը՝ չերաշխաւորելու համար ատելութեամբ լի գործելաոճեր, որոնք ակնյայտօրէն կը մատնեն՝ ժողովուրդ մը, անոր մշակոյթն ու հաւատքը ոչնչացնելու ցանկութիւն: Հայերը բնաջնջելու նպատակը հետապնդող ցեղասպանութենէն 106 տարի ետք, պատմութիւնը կը կրկնուի։ Կարելի չէ բարեկամ ըլլալ խոշտանգողներու հետ։
Խիղճս լսելով՝ չեմ կրնար ընդունել ասիկա։
Այսօր Ազգային ժողովի նախագահին կը յանձնեմ Ֆրանսա-Ազէրպայճան բարեկամութեան խումբէն իմ հրաժարականի դիմումը։
Տինօ ՍԻՆԻԵՐԻ, Լուառի երեսփոխան (Օնտէն, Ֆորէզ, Փիլա)
2022 Յունուար 10»
ՅԳ.- Տինօ Սինիերի միաժամանակ մաս կը կազմէր Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Արցախ եւ Ֆրանսա-Ազէրպայճան բարեկամութեան խումբերուն։