Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ. Միշէլ Բազումեան Պատուոյ լեգէոնի ասպետի աստիճանով պարգեւատրուած է

Ֆրանսայի Պաշտօնական թերթի 2021 Դեկտեմբեր 31-ի թիւին մէջ լոյս տեսած գրութեան համաձայն՝ Հանրապետութեան վարչապետին կողմէ Միշէլ Բազումեանին շնորհուած է Պատուոյ լեգէոնի ասպետի աստիճան, մարդասիրական եւ մասնագիտական բնագաւառներէն ներս անոր գործունէութեան ու 48-ամեայ վաստակին համար։

2001-ին Բազումեանին արդէն շնորհուած էր Ազգային արժանիքի ասպետի աստիճան. շքանշանը իրեն յանձնած էր Ֆրանսայի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի նախագահ Ժագ Տերմանեը։

Բազումեան նաեւ 2007-ին եւ 2009-ին արժանի նկատուած էր յաջորդաբար Հայաստանի Հանրապետութեան «Անանիա Շիրակացի» եւ Արցախի Հանրապետութեան շքանշաններուն։

Մեծարեալը ներկայիս Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ գիւղատնտեսական ծրագրերու զարգացման հարցերու պատասխանատուն է Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամին մէջ։

Մեր անկեղծ շնորհաւորութիւնները պրն Միշէլ Բազումեանին։ ■