Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՖՐԱՆՍԱ. Տիգրան Եկաւեան Փարիզի մէջ ներկայացուց իր «Հայաստանի աշխարհաքաղաքականութիւն» նորատիպ հատորը

Հայ կաթոլիկներու Փարիզի Սուրբ Խաչ առաջնորդանիստ տաճարին մէջ, Շաբաթ, Փետրուար 5-ին,  լրագրող, աշխարհաքաղաքականութեան գիտաշխատող Տիգրան Եկաւեան շուրջ հարիւր հոգինոց լսարանի մը առջեւ ներկայացուց իր վերջին հատորը՝ « La Géopolitique de l’Arménie » («Հայաստանի աշխարհաքաղաքականութիւնը»):

Հայր Ժոզեֆ Քէլէկեանի ներածականէն յետոյ հեղինակը բացատրեց այս փորձագրութեան ծագումը 2020-ի Արցախեան հակամարտութենէն յետոյ։ Ըստ հեղինակին՝ հատորը կը հետապնդէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը բացատրելու համար «գործիքներ» տրամադրելու նպատակը։ Բայց նաեւ առերեսում մըն է իրադրութեան հետ։

Եկաւեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս բուռն ազգայնականութեան զգացումներու կողքին՝ Հայերուն կը պակսի հայկական պետութեան հանդէպ քաղաքացիութեան զգացումը։ Հեղինակը պնդեց, թէ 2020-ի պարտութիւնը մասամբ պատերազմին անպատրաստութեան, բայց  նաեւ Արցախի ի նպաստ լոպիինկի բացակայութեան հետեւանք է։

Ան նշեց թէ՝ ասոր դիմաց, ազէրպայճանական ազգայնականութիւնը հիմնուած է Հայոց եւ Հայաստանի հանդէպ ատելութեան վրայ, աւելցնելով որ՝ թշնամիներով կամ կեղծ բարեկամներով շրջապատուած երկիր է Հայաստանը. Վրաստան ցոյց տուաւ իր երկդիմի խաղը, իսկ Իրան, ի տարբերութիւն Արցախեան առաջին պատերազմին, իրապէս չզօրակցեցաւ 2020-ի պատերազմի ընթացքին։

Լսարանին խնդրանքով բանախօսը այնուհետեւ գծեց ժողովրդագրական անկումով՝ Հայաստանի փխրուն դարձած տեսանելի ապագան։ Ըստ Եկաւեանի՝ երկիրը ընդամէնը երկու միջոց ունի՝ ամրապնդել Ռուսաստանի հետ դաշինքը եւ Սփիւռքի հետ գործընկերութիւնը, մասնաւորապէս՝ հմտութիւններու փոխանակումով։

Այնուհետեւ հանրութիւնը առիթը ունեցաւ ձեռք բերելու Տիգրան Եկաւեանի մակագրած գիրքը եւ կարծիքներ փոխանակելու՝ հիւրասիրութեան ընթացքին:

Թ.Շ.