Չորեքշաբթի, Փետրուար 2-ին, Փարիզ 5-րդի թաղապետարանին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպան եւ աջակից Œuvre d’Orient կազմակերպութեան եւ յատկապէս անոր գործադիր տնօրէն Փասքալ արք. Կոլնիշի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ կը կրէ «Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգուած քրիստոնէական ժառանգութիւն մը» խորագիրը։
Ներկայ էին բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, որոնցմէ յիշենք ցուցահանդէսին նախաձեռնող նոյնինքն՝ Փասքալ արք. Կոլնիշ, Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան։
Բացման արարողութեան առաջին խօսք առնողը եղաւ 5-րդի թաղապետուհի Ֆլօրանս Պերթու։ Ան նշեց, որ պատերազմը նախ անմիջականօրէն կը խլէ կեանքեր, կը սպանէ մարդիկ, ապա նաեւ երկրորդ փուլին կը սպանէ այդ մարդոց քաղաքակրթութեան հետքերը, անոնց կրօնական ու մշակութային ժառանգութիւնը, ինչ որ այսօր տեղի կ՚ունենայ խնդրոյ առարկայ տարածաշրջանին մէջ ու օրինակներ բերաւ Ազէրիներու կողմէ աւերման ենթարկուած ու ենթարկուող տաճարներէն ու եկեղեցիներէն, սկսելով Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց տաճարէն, յիշեց նաեւ ոչնչացուող խաչքարերու պարագան։ Թաղապետուհին աւելցուց, որ վտանգուած այդ հարստութիւնը պաշտպանելը մե՛ր պարտականութիւնն է։
Անոր յաջորդեց Յովհաննէս Գէորգեան։ Ան իր ելոյթին մէջ շեշտը դրաւ պատերազմական տարիներուն Ազէրպայճանի միակ ու անշեղ նպատակին՝ ցեղային մաքրագործման վրայ, որքան մարդկային, նոյնքան ալ մշակութային ժառանգութեան առումով։
Այնուհետեւ խօսք առաւ Փասքալ արք. Կոլնիշ, որ նախագահ Մաքրոնի կողմէ Փետրուար 1-ին պարգեւատրուեցաւ Պատուոյ լեգէոնի ասպետի աստիճանով, Արեւելքի քրիստինեաներուն ի նպաստ ունեցած իր անգնահատելի վաստակին համար։
Ան ալ իր խօսքին մէջ ենթադրական զուգահեռ մը գծեց Արցախեան անցքերուն եւ Ֆրանսայի միջեւ, ըսելով՝ “երեւակայեցէք, երբ խաղաղօրէն, ոչ մէկուն վնաս հասցնելով կ՚ապրիք օրինակ՝ ձեր տան մէջ, ու յանկարծ ձեզի կը պարտադրուի լքել ձեր տունը, ձեր քաղաքը… Աննկարագրելի բռնութիւն է այս, եւ՝ անընդունելի”։ Նշելէ ետք, թէ իր գլխաւորած կազմակերպութիւնը կը փորձէ իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ օգնել տեղահանուած Արցախցիներուն, ըսաւ որ մեր գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ օգնել եւ անհրաժեշտ միջոցները ապահովել անոնց, որոնք կը փափաքին վերադառնալ Արցախ։ Ան շեշտը դրաւ նաեւ Ազէրպայճանի ղեկավարութեան կողմէ տեւաբար հնչող հայատեաց, ատելավառ զազրելի յայտարարութիւններուն վրայ, նշելով որ այն պահէն երբ կ՚արտաբերուին այսպիսի խօսքեր՝ կանգ կ՚առնէ Իրաւունքը, եւ հարկ է պատժել անոնց հեղինակները։ Հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է Հայերէն պահանջել, որ համակերպին ապրիլ Ազէրպայճանի տարածքին մէջ, մինչ այդ երկրէն հնչած են՝ «Հայերը շուներու նման պէտք է քշել» ու նման արտայայտութիւններ։Անդրադարձաւ նաեւ ազէրպայճանական այն խնդրայարոյց դրոշմաթուղթին, ուր խորհրդանշականօրէն պատկերուած է մուկերը՝ իմա Հայերը սպանելու կոչուած՝ յատուկ սարքաւորումներով պաշտօնեայ մը։ Կոլնիշ արք. իր խօսքը աւարտեց ըսելով՝ “Հոս ինչ որ կ՚ըսեմ, միայն զիս յանձնառու կը դարձնէ, եւ թերեւս աշխարհի Մեծերը համաձայն չըլլան ինծի հետ։ Բայց երբ գաղափար մը արդար է, իր նպատակին կը հասնի, ու պիտի՛ հասնի։ Վստահ եմ”։
Ցուցահանդէսը հետեւեալ տողերով ներկայացուած է 5-րդի թաղապետարանի պաշտօնական կայքէջին վրայ։
«Լեռնային Ղարաբաղը, հայերէն՝ Արցախ, պատմականօրէն քրիստոնէական առաջին թագաւորութեան Մեծ Հայքի մէկ շրջանն է։ Անոր կրօնական ժառանգութիւնը հայ քրիստոնէական փայլուն քաղաքակրթութեան անգնահատելի մէկ վկայութիւնն է։
2020 թուականի պատերազմի ընթացքին, կրօնական յուշարձանները միտումնաւոր ռմբակոծուեցան ազէրպայճանական բանակին կողմէ՝ այս տարածքին մէջ քրիստոնէական եւ հայկական ներկայութեան հետքերը ոչնչացնելու նպատակով։ Հակառակ հաստատուած զինադադարին, այս սպառնալիքը կը շարունակէ մնալ առկայ։
Այս ցուցահանդէսին միջոցով, Œuvre d’Orient-ը կը փափաքի հանրութեան լայն շերտերուն ծանօթացնել Լեռնային Ղարաբաղի հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ յարգանքի տուրք մատուցել Արցախին եւ անոր ժողովուրդին՝ վառ ներկայութիւն մը, որ այսօր վտանգի ենթարկուած է»:
Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ Փետրուար 25։ Կարելի է այցելել Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, ժամը 9-էն 17 եւ Շաբաթ օրերը ժամը 9-էն 12։
Ա.Դ.