Երեքշաբթի, Փետրուար 8-ի երեկոյեան, Փարիզի 17-րդ թաղամասի « Hôtel du Collectionneur » շքեղ պանդոկին մէջ,– որ կարելի է ըսել՝ այլեւս աւանդական վայրը դարձած է սոյն հանդիպումին,– տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին՝ CCAF-ի տարեկան ընթրիքը, պսակաձեւ ժահրին պարտադրանքով՝ տարի մը ընդմիջումէ ետք։
Աւանդութիւն մը դարձած էր Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին ներկայութիւնը տարեկան այս ընթրիքին։ Բայց այս տարի Ուքրաինա-Ռուսաստան լարումով ծնունդ առած ճգնաժամային իրավիճակը պատճառ դարձած էր, որ նախագահ Մաքրոն միջնորդական առաքելութեամբ մեկնի արտասահման եւ չկարենայ ներկայ ըլլալ։ Գիտակից՝ իր մասնակցութեան կարեւորութեան, նախագահ Մաքրոն փորձած էր կամքէ անկախ այս բացակայութիւնը «սրբագրել» կարելի եղածին չափ բարձրաստիճան փոխարինումով, յանձին վարչապետ Գասթեքսի, որ զինք կը ներկայացնէր։ Ի դէպ, վարչապետը միակը չէր երկրին իշխանութիւնները ներկայացնող. հոն էին նաեւ կառավարութեան բանբեր Կապրիէլ Աթալ, Արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակ Ժան-Պաթիսթ Լըմուան, Այրերու եւ կիներու հաւասարութեան, Բազմազանութեան եւ Կարելիութիւններու հաւասարութեան հարցերու նախարարուհի Էլիզապէթ Մորենօ։ Կ՚արժէ յատկապէս նշել, որ անթիւ-անհամար անձնաւորութիւններու մէջ էր նաեւ Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէ։
Ըսինք անթիւ-անհամար անձնաւորութիւններ. արդարեւ, հոն էին բազմաթիւ երեսփոխաններ, ծերակուտականներ, քաղաքապետական խորհրդականներ, բայց նաեւ Ֆրանսայի շրջաններու նախագահներ, ինչպէս Ռընօ Միւզըլիէ, Լօռան Վոքիէզ…։ Մշակոյթի բնագաւառն ալ ներկայացուած էր անուանի, ծանօթ բազմաթիւ անուններով, ինչպէս նաեւ լրասփիւռները, դիւանագիտական դասը, համալսարանական աշխարհը, մարդասիրական եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան բազմաթիւ կազմակերպութիւնները, գործարարական աշխարհը, մարզականը… Անկարելի է մէկ առ մէկ յիշել բոլորին անունները։
Երեկոյթին հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր մօրը կողմէ հայ (Սերոբեան) ծանօթ լրագրող Շառլ Վիլնէօվ։ Ան, իր հայկական արմատներուն ու ներկայիս կրած անունին «ոդիսական»-ին կարճ պատումը համով-հոտով կատարելէ ետք, նախ խօսքը տուաւ Փարիզի քաղաքապետուհի, նախագահական ընտրութիւններուն Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Անն Հիտալկոյին։ Յաջորդեցին Իլ-տը-Ֆրանսի նախագահուհի, նախագահական ընտրութիւններուն Հանրապետականներ կուսակցութեան թեկնածու Վալերի Փեքրէս։ Եթէ Հիտալկօ առաւելաբար շեշտը դրաւ Հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ իր անձնական համակրանքին եւ իր ղեկավարած քաղաքին մշտական զօրակցութեան եւ ատոնց փաստերուն վրայ, Փեքրէս աւելի ծանրացաւ վերջերս լայն տարածում գտած դրոյթին վրայ, ըստ որուն եթէ այսօր Հայաստանն է, որ թիրախ կը հանդիսանայ ծաւալապաշտ նկրտումներու, վաղն ալ պիտի հասնի Եւրոպայի կարգը, ուստի պէտք է զօրակցիլ Հայերուն։ Ան եւս խօսեցաւ իր գլխաւորած Խորհուրդին Հայաստանի հետ համագործակցութեան բնագաւառներուն մասին, խոստանալով այդ համագործակցութիւնը զարգացնել ու ընդլայնել, Հանրապետութեան նախագահուհի ընտրուելու պարագային։
Այնուհետեւ, Յուշագրութեան, Ռազմիկներու աշխարհի եւ Միջնորդութեան հարցերու Փարիզի խորհրդական Ալեքսի Կէօվճեան CCAF-ի շքանշաններ յանձնեց այսօր ասպարէզէն քաշուած քաղաքական չորս անձնաւորութիւններու, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են 2001-ին Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքի որդեգրման մէջ՝ Ժան-Փօլ Պրէթին, Հելէն Լիւքին, Ֆրանսուա Ռոշըպլուանին եւ Ռընէ Ռուքէին։
Ապա յաջորդաբար խօսք առին CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան, որոնց ճառերուն առիւծի բաժինը խլեց, բնականաբար, Արցախեան վերջին պատերազմը։ Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ անգամ մը եւս բուռն ոճով դատապարտեցին Արցախի վրայ ազէրի-թրքական յարձակումը, ահազանգ հնչեցուցին հետեւանքներուն մասին, պախարակեցին գործուած բոլոր ոճիրներուն անպատիժ մնալու երեւոյթը, տեղի ունեցած ողբերգութեան դիմաց՝ անտարբերութիւնը, անշարժութիւնը աշխարհին ու մա՛նաւանդ այն կազմակերպութիւններուն, որոնց առաքելութիւնն է խաղաղութեան երաշխաւորումը։ Փափազեան նաեւ անթաքոյց զայրոյթով յիշեց ու յիշեցուց Ազէրպայճանին զէնք ու զինամթերք չվաճառելու նախազգուշական կոչերը, որոնք բախեցան խուլ ականջներու։ Վերջինս անդրադարձաւ նաեւ Էրտողանի մականին տակ՝ Ֆրանսայի մէջ ծաւալող իսլամապաշտ հոսանքի վտանգներուն։
Կէս գիշերուան մօտ, վերջին խօսք առնողը եղաւ վարչապետ Ժան Գասթեքս։ “Ֆրանսա եւ Հայաստան քոյր երկիրներ են”,– ըսաւ ան։ Խօսելով Արցախեան պատերազմին մասին, վարչապետը նշեց. “Ֆրանսա ոչ միայն կատարեց իր պարտականութիւնները եւ լսելի դարձուց իր ձայնը, այլ նաեւ՝ կը շարունակէ ա՛յսօր ալ”,– աւելցնելով.- “անկասկած, վստահաբար, չափէն աւելի առանձին”։ Ան յիշեցուց նաեւ որ՝ “նախագահ Մաքրոն առաջինը եղաւ ազէրպայճանական անընդունելի նախայարձակումը դատապարտող”։ Գասթեքս անդրադարձաւ գերիներու ազատ արձակման համար Ֆրանսայի գործադրած ջանքերուն, Մինսքի խումբին մէջ խաղացած դերին, ունեցած ներդրումին, ինչպէս նաեւ մարդասիրական նպատակներով կատարած նիւթական օժանդակութեանց։
Վարչապետը յիշեցուց Ապրիլ 24-ը Ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր հռչակելու նախագահ Մաքրոնի նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ թրքական ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը լուծելու որոշումը…
Անոր ելոյթին ամէնէն կարեւոր բաժինը, անկասկած, կը վերաբերէր Արցախի համայնքներուն հետ ֆրանսական պետական կառոյցներու գործակցութեան կարելիութեան։ Վարչապետը յայտարարեց, որ այդ նպատակով ստեղծուած է որոշ «շրջանակ» մը եւ թէ Պետութիւնը պիտի աջակցի գործակցողներուն։ Վարչապետը քանի մը յայտարարութիւն ալ ըրաւ տնտեսական ոլորտին վերաբերող, ինչպէս՝ մեծ խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը, որ Հայաստանին պիտի օգնէ դէպի ապագայ նայելու։
Թ.Շ.