«Ֆրանսացի Հայեր» խորհուրդը (Conseil Français-Arméniens – CFA) Ֆրանսայի մէջ իր ծրագրի ներկայացման շրջապտոյտի ծիրէն ներս, Ուրբաթ, Փետրուար 25-ին, հանրային ժողով մը կազմակերպած էր Լիոնի Սուրբ Յակոբ հայկական եկեղեցւոյ «Կարպիս Մանուկեան» սրահին մէջ։
Տարբեր հորիզոններէ՝ ներառեալ ընկերակցութիւններու պատասխանատուներէ բաղկացած լսարանին առջեւ, ողջոյնի խօսքով երեկոյթին բացումը կատարեց CFA-ի տարածաշրջանի ներկայացուցիչ Փօլ Աճամեան։
Իր կարգին, անդրադառնալով CFA-ի ստեղծման պատճառներուն, նախագահ Դանիէլ Քիւրքճեան կատարեց համապարփակ ներկայացումը ընդամէնը մէկ տարի առաջ ստեղծուած ընկերակցութեան։ Ան անդրադարձաւ CFA-ի հիմնական նպատակներուն, որոնք են՝ «ընդլայնել եւ ամրապնդել Ֆրանսայի հայ համայնքի գործունէութիւնը, ազդեցութիւնը եւ հաղորդակցութիւնը, զարգացնել ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւնները»։
Ան ընդգծեց նոր կառոյցին,– զոր իրենք կեանքի կոչած են,– ժողովրդավարական եւ արհեստավարժ կառավարման կարեւորութիւնը՝ երաշխաւորելով լայն մասնակցութիւն ընկերակցութեան կեանքին, որ կառուցուած է, ի միջի այլոց՝ անհատներու եւ ընկերակցութիւններու միաւորման գաղափարին շուրջ։
Ան շեշտեց որ՝ CFA-ի կողմէ սպասարկման բաժինի, սպասարկման «գրասենեակի» եւ անդամ ընկերակցութիւններու համար ֆինանսական աջակցութեան ստեղծումը Խորհուրդի որդեգրած կարեւորագոյն գաղափարներէն է:
CFA-ն ներկայիս 7 յանձնաժողովներով կ՚աշխատի գլխաւոր երեք առանցքներու վրայ.-
– Համակարգել (3 յանձնաժողով.- Կրթութեան / Ծրագրերու եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու / Տնտեսութեան-ձեռնարկատիրութեան),
– Ներգործել (3 յանձնաժողով.- Think-Tank (խորհրդատուական) / իրաւական / Հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու),
– Հաղորդակցիլ (1 յանձնաժողով.- Հաղորդակցութեան)։
Երեկոյթին ներկայ՝ Կրթութեան յանձնաժողովի, Հաղորդակցութեան յանձնաժողովի եւ Think-Tank յանձնաժողովի համակարգողները, յաջորդաբար՝ Լեւոն Սաքունց, Աննա Մանուկեան եւ Հիլտա Չոպոյեան ներկայացուցին նշուած ուղղութիւններէն իւրաքանչիւրին մէջ սահմանուած հեռանկարները։
Պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն, Դանիէլ Քիւրքճեան ամփոփեց CFA-ի յարաբերութիւնները գոյութիւն ունեցող կառոյցներուն, ինչպէս օրինակ՝ CCAF-ի հետ, անդրադարձաւ նաեւ կողմերու առկայ ներուժը միացնելու միտող փորձերու ձախողութեան: “CFA-ի նպատակն է,– ըսաւ ան,– զարգացնել գործողութիւնները՝ ամրապնդելով համագործակցութիւնը Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքներու միջեւ”։
Դանիէլ Քիւրքճեան ներկայացուց ընթացիկ ծրագրերը եւ մասնաւորապէս յայտարարեց 2022 թուականի Մայիսին նախատեսուած Ֆրանքեւհայկական տնտեսական խորհրդաժողովի կազմակերպման մասին։
CFA յառաջիկայ շաբաթներուն կը նախատեսէ նոր հանդիպումներ Օվերնեը-Ռոն-Ալփ շրջանին եւ ընդհանրապէս Ֆրանսայի մէջ։
Թ.Շ. ■