Մարտ 4-ին Հայաստան տօնեց Դիւանագէտի օրը։ Այս առթիւ Արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն առջեւ Նիկոլ Փաշինեան խօսք առնելով յայտարարած է. «անզէն աչքով էլ նկատելի է, որ նախորդող շրջանը շատ աշխուժ դիւանագիտական տարի է եղել։ Մենք հաստատում ենք նոր յարաբերութիւններ, որոնք նախկինում չենք ունեցել, մենք զարգացնում եւ ճշգրտում ենք մեր նախկինում ունեցած յարաբերութիւնները, եւ սա պէտք է դիտարկել հաւասարակշռուած՝ արտաքին քաղաքականութեան համածիրում։ Այդ հաւասարակշռումի առանցքային պատճառը Հայաստանի Հանրապետութեան հաւասարակշիռ վիճակը պահելու նպատակն ունի»։
Այս դիտարկումը որքան ալ ճիշդ ըլլայ, այսօր Հայաստանի առջեւ,– եւ ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ընդհանրապէս երկրագունդի բոլոր պետութիւններուն,– միջազգային յարաբերութիւններու մէջ հաւասարակշռութիւն վերագտնելու խնդիր դրուած է, աշխարհի հզօրագոյն երկրին՝ ԱՄՆ-ու այդ յարաբերութիւններուն մէջ խաղի օրէնքը փոխելուն պատճառով։ Բնականաբար, բոլոր պետութիւնները իրարու հանդէպ վերադիրքաւորուելու, իրենց յարաբերութիւնները վերադասաւորելու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուին։ Եւ զարմանալիօրէն այդ հարկադրանքը յատկապէս կը հարուածէ նախ եւ առաջ ԱՄՆ-ու դաշնակիցները՝ Եւրոպան, Ուքրաինան, Ճափոնը, Հարաւային Գորէան… եւ վերջապէս՝ Հայաստանը, որ ԱՄՆ-ու հետ ռազմավարական գործընկերութեան դաշինք կնքեց Պայտընի իշխանութեան շրջանի աւարտին։
Ֆրանսա եւ Եւրոպա որոնք ԱՄՆ-ու կողքին Հայաստանի անվտանգութեան հաւասարակշռութեան հաւասարումին մէջ կարեւոր յենարան կը հանդիսանան, անոնք եւս տագնապի մէջ են։ ԱՄՆ-ու կողմէ առեւտրային տուրքեր, հողային պահանջներ, ՕԹԱՆ-ի դաշնակցային պաշտպանական պարտաւորութենէ հրաժարում, դաշնակից պետութիւններու ներքին գործերուն միջամտում, Ուքրաինայի ռազմական օժանդակութեան զլացում, դաշնակից պետութիւններու ղեկավարներու բռնապետ հռչակում, փոխարէնը՝ Ուքրաինայի վրայ Ռուսաստանի յարձակման արդարացում…։
Նախագահ Թրամփ իր իսկ ձեռքով կը քանդէ արեւմտեան պետութիւններու միջեւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք ԱՄՆ-ու ստեղծած կարեւորագոյն ռազմական դաշինքը, որու անդամները սիրայօժար մաս կը կազմէին անոր, առանց որեւէ գերագոյն ուժի կողմէ պարտադրանքի։
ԱՄՆ-ու նախագահը ժխտելով միջազգային օրէնքի գերակայութիւնը, արեւմտեան ժողովրդավար պետութիւններու համակեցութիւնը, ՕԹԱՆ-ը անգործութեան մատնելով, կը հովանաւորէ բռնատիրական վարչակարգերը։
Նախագահ Թրամփի՝ միջազգային յարաբերութիւնները շուկայական մտայնութեամբ յանձանձման մէջ միակ բացառութիւնը կը կազմէ Իսրայէլը, որու հետ դաշնակցային յարաբերութիւնները աւելի զօրացուցած է, ինչ որ ցոյց կու տայ անոր անկայուն, խտրական, քմահաճ քաղաքական խաղը։
Բնականաբար, ժամանակի ընթացքին, այս բոլորը մեծ հաւանականութեամբ աւարտին ի վնաս ԱՄՆ-ու բարգաւաճման ու հզօրութեան։ Ու Եւրոպական պետութիւններու հակազդեցութիւնները այդ ցոյց կու տան՝ ԱՄՆ-ու մեկուսացումը։ Տարիներէ ի վեր Ֆրանսա կը պահանջէր եւրոպական բանակի մը ստեղծումը, սակայն ան կը բախէր Գերմանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու ընդդիմութեան, որոնք կառչած էին ԱՄՆ-ու պաշտպանական հովանոցին։ Բայց երբ ԱՄՆ որոշեց առանձին վարել բանակցութիւններ Ռուսաստանի հետ՝ Ուքրաինայի պատերազմին զինադադար հաստատելու նպատակով, Եւրոպական երկիրները հապճեպ փութացին Փարիզ, ընդառաջելով Ֆրանսայի նախագահի հրաւէրին, Էլիզէեան պալատին մէջ Եւրոպայի ինքնապաշտպանութեան ժողով գումարելու։ Նոյնը ըրաւ Անգլիոյ վարչապետը, ԱՄՆ-ու նախագահին հետ ապարդիւն տեսակցութենէ մը ետք։
Միջազգային յարաբերութիւններու մէջ նոր խաղի օրէնքը բնականաբար Հայաստանի դիւանագիտութիւնը կը ստիպէ հաւասարակշռութիւն գտնելու աշխատանք տանելու։ 2020-ի պատերազմէն ետք, Ռուսաստանի դաշնակցային պաշտպանական համակարգի անգործութեան դիմաց, ԱՄՆ-ու հետ ռազմավարական գործընկերութիւնը Հայաստանի անվտանգութիւնը հաւասարակշռելու ազդեցիկ ուժ էր։ Սակայն, այսօր ստիպուած է վերանայելու իր հաշուարկները։
Ժ.Չ. ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։