Ազգային գրադարանը հիւրընկալած է ծանօթ բարերար, հաւաքորդ Տընի ֆոն Մեքը

Մարտ 28-ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանի պատասխանատուները  իրենց երդիքին տակ հիւրընկալած են ծանօթ բարերար, հաւաքորդ Տընի ֆոն Մեքը։ Վերջինս հանդէս եկած է Չայքովսքիի նուիրուած բանախօսութեամբ։

Ան ներկայացուցած է իր կողմէ կեանքի կոչուած «Նատեժտա ֆոն Մեք» միջազգային բարեսիրական հիմնադրամի գործունէութիւնը ու պատմած ռուս բարերար, պարոնուհի ֆոն Մեքի եւ աշխարհահռչակ երաժիշտ Փիոթր Չայքովսքիի բարեկամութեան պատմութիւնը, որ տեւած է 15 տարի, սակայն փոխադարձ համաձայնութեամբ այս երկուքը երբեք անձամբ չեն հանդիպած։ Այդ բոլոր տարիներուն ընթացքին, Նատեժտա ֆոն Մեք անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած է մեծ երաժիշտին, անոր աջակցելով նիւթապէս եւ բարոյապէս: Մեծապէս շնորհիւ անոր օժանդակութեան եւ բարեկամութեան, Չայքովսքի կրցած է ամբողջապէս իրագործել իր հանճարը եւ դառնալ համաշխարհային երաժշտութեան պատմութեան մեծագոյն երաժշտահաններէն մէկը:

Բանախօսը պատմած է, թէ Չայքովսքի հինգ անգամ ճամբորդած է Կովկաս, եղած է Թիֆլիս։ Անգամ մը այցելած է Թիֆլիսի հայկական եկեղեցին, ուր խորապէս զինք տպաւորած են հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնն ու երգեցողութիւնը։

Տընի ֆոն Մեք Ազգային գրադարանին նուիրած է արուեստի, պատմութեան եւ Փիոթր Չայքովսքիի ու Նատեժտա ֆոն Մեքի կենսագրութիւններու մասին գիրքեր, որոնք հրատարակուած են վերոնշեալ Հիմնադրամին կողմէ: