Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազգային համախմբում

Քաղաքագէտներու, դիւանագէտներու բերնին այս օրերուս յաճախակի կը դառնան Հայաստանի ողբերգական ճակատագրին վերաբերեալ արտայայտութիւնները։ Թերթերը կը վերնագրեն՝ «L’Arménie seule au monde, …», «L’Arménie est sous le feu et l’Europe regarde ailleurs…» … Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանուհին՝ Յասմիկ Տոլմաջեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ալիեւի ռազմավարութիւնը որակեց Հայաստանը քարտէսէն վերացնելու՝ քայլ առ քայլ մտածուած քաղաքականութիւն, որ Ազերպայճանի նախագահը անթաքոյց կերպով քանիցս յայտարարած է, եւ որուն վերջնական նպատակը Երեւանի գրաւումն է, իբրեւ «պատմական ազերական քաղաք»։ Նոյնը կ՚ահազանգէ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի կոչը, յղուած՝ Ֆրանսայի նախագահին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին։ 

Հայութեան հայեացքները, մտածումները ուղղուած են դէպի Հայաստանի սահմանները, ուր հակառակ միջազգային հասարակութեան,– մա՛նաւանդ ԱՄՆ-ու,– Ազերպայճանը դատարապարտող յայտարարութիւններուն՝ նախայարձակ այդ երկիրը մէկ սանթիմեթր իսկ չնահանջեց, չզիջեցաւ իր գրաւած դիրքերէն, չվերադարձուց նոր գերեվարուած զինուորները, ոչ ալ պակսեցուց իր վրէժխնդրական, յարձակողական հռետորաբանութիւնը, նոյնիսկ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր համաժողովի ամպիոնէն։ Ալիեւ, Պայրամով, Հասանով…, ո՛չ մէկը դադրած է սպառնալից ոճով խօսելէ։ Աւելին՝ թէ՛ Նախիջեւանի եւ թէ՛ Հայաստանի հիւսիսարեւելեան կողմերը ազերական բանակի մեծ կուտակումներ կը տեսնուին, ինչ որ նշան է նոր յարձակումներու պատրաստութեան։

Թուրքիա, անտեսելով միջազգային հակազդեցութիւնները, առիթը չի փախցներ զօրակցելու Ազերպայճանին։ Կոչ կ՚ուղղէ Հայաստանին ընդունելու Պաքուի առաջարկած հաշտութեան պայմանագրի հինգ կէտերը, որոնք համազօր են Հայաստանի անձնատւութեան։

Բարեբախտաբար, կան հայ քաղաքական եւ ազգային գործիչներ, որոնք՝ գիտակից Հայաստանի ներկայի քաղաքական ճգնաժամային ծանրագոյն վիճակին, իրենց աչքերը միայն դուրսէն օգնութեան չեն յառած, այլ՝ հայաստանեան քաղաքական ուժերու համախմբումի ուղղութեամբ կ՚աշխատին։ Այս առումով գովելի էր Գարեգին Բ.-ի նախաձեռնութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահները քով-քովի բերելու, երկրին փրկութեան համար լուծումներ որոնելու։ Որքան ալ անյաղթահարելի թուի Հայաստանի երեք նախագահները միասնական դիրքորոշումի բերելու հեռանկարը,– նկատի ունենալով անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ անոնց խոր հակադրութիւնը իրարու,– նախաձեռնութիւնը քաջալերելի է, որովհետեւ դուրսը՝ միջազգային դերակատարներէն ոչ մէկուն համար Հայաստանի շահերը գերադասելի են իր պետական շահերէն, ո՛չ Ռուսաստանին, ո՛չ Եւրոպային, ո՛չ ԱՄՆ-ին, … այսօր Հայաստանի գոյութեան սպառնացող Ազերպայճանին դիմադարձելու համար։ Հետեւաբար, սպասելի է որ բոլոր քաղաքական ուժերը միանան յանուն երկրի փրկութեան, մէկդի դնեն իրենց անձնական քաղաքական դատումները, այս կամ այն արտաքին գերտէրութեան հանդէպ իրենց ունեցած համակրանքը եւ կազմակերպեն երկրի ինքնապաշտպանութիւնը։ Բնական է որ երկրին դիւանագիտութիւնը եւս կը շահի միասնութենէն։

Նախագահներու առաջին հանդիպումին արձագանգները շատ մեծ յոյս չեն ներշնչեր, բայց առաջին փորձէն պէտք չէ յուսահատիլ։ Ա՛յս էր մանաւանդ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի պատգամը, որուն համար հրամայական է ընդդիմութիւն-իշխանութիւն գործակցութիւնը Հայաստանի ներկայի ծայր աստիճան ճակատագրական ու վտանգաւոր պահուն, ընդունելու համար նուազ ցաւ պատճառող լուծումը, այլապէս երկրին կը սպառնայ անդառնալի կորուստներ։

Քանակով գերազանցող եւ արդիական սպառազինութեամբ օժտուած ազերական բանակին դիմաց, որ ունի նաեւ կազի եւ քարիւղի տնտեսական ու ռազմավարական զէնքի առաւելութիւնը, Հայաստան կը տառապի նոյնիսկ զէնքի, զինամթերքի պակասէ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Խորհրդարանի բեմէն անթաքոյց կերպով արտայատուեցաւ այս նիւթին շուրջ։ Նոյնիսկ որոշ փակագիծեր բացաւ, ըսելով որ՝ դրամը չէ խնդիրը, պետութիւնը միջոցները ունի, վստահաբար զէնք ծախող ալ կայ, բայց գլխաւոր հարցը գնելու արգելքն է։ Իսկ ուրկէ՞ կրնայ գալ արգելքը, եթէ ոչ ռուս ռազմավարական դաշնակիցէն, որ ցայժմ եղած է Հայաստանի գլխաւոր զէնք մատակարարողը, եւ ներկայիս անկարող է զինամթերք հայթայթելու, նկատի ունենալով ուքրաինական պատերազմի բերումով իր պահանջները։ Եւ անկասկած, Հայաստանի ուրիշ աղբիւրներու դիմելը անընդունելի է անոր։

Իրաց այս կացութեան մէջ, արեւմըտեան գերտէրութիւններու ի նպաստ Հայաստանի դիրքորոշումը կը մնայ անբաւարար, կասեցնելու համար ազերական նուաճողական քաղաքականութիւնը։ Հայաստանի քաղաքական դասուն միասնականութիւնը կրնայ միայն պետութեան գերագոյն շահերը պաշտպանող քաղաքականութիւն ապահովել, լուծումներ առաջադրել գերտէրութիւններէն պահանջելու համար միջազգային օրէնքի ծիրէն ներս Հայաստանի սահմաններուն եւ իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը եւ Արցախի կարգավիճակի սահմանումը։ 

Ժ.Չ. ■