Ղրիմի կամուրջին վրայի պայթումը ռուս-ուքրաինական պատերազմը աւելի լարեց. արեւմտեան աղբիւրները կը պնդեն, որ Ռուսերը իրանական անօդաչու սարքեր կը գործածեն հարուածելու համար Ուքրաինայի քաղաքները։ Եւրոպական Միութիւնը կը սպառնայ Իրանի դէմ պատիժներ սահմանել, եթէ փաստուի որ՝ Ռուսաստանի գործածած անօդաչուները իրանական արտադրութիւն են։ Իսկ Իրան իր կարգին, յայտարարեց որ Հարաւային Կովկասի մէջ պիտի չընդունի սահմանային փոփոխութիւն եւ օտար ուժի ներկայութիւն։ Խօսքը բնականաբար կ՚ուղղուի իսրայէլեան ուժերու ներկայութեան եւ ի միջի այլոց նաեւ՝ եւրոպականին։
Հարաւային Կովկասի մէջ զգալի է ռուսական ուժի գերակայութեան նուազումը։ Եւրոպական քաղաքացիական դիտորդական խումբի ժամանումը տարածաշրջան՝ ծայր աստիճան գրգռած է Ռուսերը։ Ազերիները եւս դժգոհ են, բայց ծուղակը ինկած են։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարին Հնդկաստան այցելութիւնը կը հաստատէ 260 միլիոն տոլարի հնդկական զինատեսակի գնումի լուրը։ Այս իրողութիւնն ալ անկարելի պիտի ըլլար Ուքրաինայի պատերազմէն առաջ։ Իրանի համար անընդունելի է, որ ռուսական ազդեցութեան ստեղծած պարապը լեցուի արեւմտեան ուժերով։ Անընդունելի է նաեւ որ թուրքեւազերի դաշնակցութիւնը սահմանային փոփոխութիւններ կատարէ Իրան-Հայաստան սահմանին, ի վնաս Իրանի անվտանգութեան։ Պետական ամենաբարձր մակարդակով Իրան կը յայտարարէ իր կարմիր գիծերը։
2020-ի Արցախեան պատերազմէն ի վեր Իրան երրորդ ռազմափորձերն է որ կը կատարէ Արաքսի ափին, հայ-ազերական սահմանին։ Ռազմափորձերուն առթիւ եղան կարեւոր շեշտադրումներ Իրանի ռազմական ղեկավարութեան կողմէ, թէ վարժանքները առաջնահերթօրէն պիտի ծառայեն Արաքս գետը անցնելու համար նախատեսուած կամուրջներու փորձարկումին…։
Նշանակալից է ազերպայճանցի երեսփոխան Ռասիմ Մուսապայովի՝ Դիմագիրքի իր էջին կատարած եւ Իրանի նախագահին ուղղուած բորբոքած գրառումը. «Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրքը Ազերպայճանի հետ սահմանին կը կազմակերպէ գրգռիչ ռազմափորձեր, իսկ նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Ասթանայի մէջ Ազերպայճանի նախագահին հետ հանդիպումին անտեղի զգուշացումներ կ՚ընէ՝ տարածաշրջանին մէջ օտար երկրի մը ռազմական ներկայութեան անթոյլատրելիութեան մասին։ Միաժամանակ, իրանական “մոլլայատիրութիւն”-ը, ամենայն հաւանականութեամբ, “օտարերկրեայ” չի համարեր Հայաստանի մէջ ռուս զինուորականները եւ ներողամիտ կը գտնուի հայ-ազերպայճանական սահմանին վրայ եւրոպացի դէտերու առաքելութիւն ապահովելու Հայաստանի մտադրութեան հանդէպ»։ Երթալով աւելի սպառնագին ոճով Մուսապայով կը գրէ. «Անհրաժեշտ է ճիշդ գնահատել վտանգները, քանի որ պատասխան հարուածի տակ պիտի յայտնուին Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի հետ իրենց սահմանները, հազարաւոր հրթիռներ ու ռումբեր Իսրայէլէն եւ Սաուտական Արաբիայէն,– որոնք արդէն պատրուակ կը փնտռեն Իրանի հրթիռային եւ միջուկային ենթակառոյցները ոչնչացնելու համար,– պիտի թափին իրենց գլխուն»։
Հակառակ Փրակայի մէջ Եւրոպայի քաղաքական համայնքի վեհաժողովին ձեռք բերուած արդիւնքին, ուր կ՚ըսուի թէ Հայաստան եւ Ազերպայճան կը ճանչնան մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է համաձայնի Ազերպայճանին տալ Զանգեզուրի միջանցքը, որ պէտք է ունենայ Լաչինի միջանցքին հետ նոյն կարգավիճակը։
Հայաստան-Ազերպայճան սահմանին հրացանաձգութիւնները չեն դադրիր, նոր ռազմական ուժերու կուտակումներ ալ կը նշմարուին, հակառակ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան Հայաստան այցին։ Եթէ Արեւմուտքը թուրքեւազերական զոյգը զսպելու միջոցներ չգտնէ, հաստատ որ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնի՝ Ալիեւի հետ կնքած կազի պայմանագիրը պիտի դառնայ չիրականացած երազ մը, որուն տնտեսական ծանր հետեւանքները պիտի կրեն եւրոպացիները՝ վճարելով կազի եռապատիկ գին, իսկ կովկասեան տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդները պիտի վճարեն իրենց արիւնով։
Ժ.Չ. ■