Ազերպայճանի նախագահի աշխատակազմի Մարտ 27-ին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է թէ՝ «Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչները կրկին հրաւիրուած են Պաքու՝ վերահամարկման, ինչպէս նաեւ ենթակառուցային ծրագրերու իրականացման առնչուող հարցերը քննարկելու նպատակով»։
Յիշեցնենք, որ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մարտ 13-ին յայտարարած էր, որ Ազերպայճանի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումները կրնան շարունակուիլ միայն ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ եւ տեղի ունենալ այնտեղ, ուր տեղի ունեցած էր նախորդ հանդիպումը՝ Մարտ 1-ին, Արցախի Ասկերանի շրջանի Իվանեան գիւղը տեղակայուած ռուս խաղաղապահ ուժերու կեդրոնին մէջ։ Արցախի նախագահն ալ բացառած էր Ազերպայճանի հետ համարկումի որեւէ գործընթաց, շեշտելով, թէ հանդիպումներու ընթացքին կարելի է քննարկել միայն ենթակառուցային եւ մարդասիրական բնոյթի խնդիրներ։