Ապրիլ 13-ի իրիկուան ժամերուն, Ազերպայճանի զինեալները կրակ բացած են Սիւնիքի մարզի Խնածախ բնակավայրին ուղղութեամբ, որու հետեւանքով վնասներ կրած է գիւղին Մշակոյթի տունը:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդելով, թէ տուժած չկայ, ազերպայճանական կողմին կոչ ըրած է հետաքննել գնդակոծման հարցը եւ հրապարակաւ բացատրութիւն տալ այդ ուղղութեամբ։
Ազերպայճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատասխանած է Երեւանի հրապարակած սոյն տեղեկութեան ու զայն հերքած է.
«Մենք կրկին անգամ կը յայտարարենք, որ ազերպայանական բանակի զինուորները երբեք կրակ չեն բանար քաղաքացիական անձերու եւ կառոյցներու վրայ։ Մեր բանակը համապատասխան միջոցներու կը ձեռնարկէ մի՛այն մեր դիրքերը հրետակոծող հայկական զինուած ուժերու գրգռութեան ի պատասխան»։
Ապրիլ 14-ին, Եւրոպական հարցերու եւ Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Ժան-Նոէլ Պառօ, Լիւքսեմպուրկի մէջ եւրոպական ԱԳ նախարարներու հանդիպումին իր ժամանման պահուն լրագրողներու հետ ասուլիսին յայտարարած է, թէ Հայաստան-Ազերպայճան սահմանին տիրող լարուած կացութիւնը մտահոգիչ է։ “Կը փափաքիմ որ հոն տեղակայուած եւրոպական առաքելութիւնը կարենայ բազմապատկուիլ՝ դիտելու եւ լարումը զսպելու կարողութիւն ունենալու համար: Այժմ պէտք է խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի եւ կամայականօրէն ձերբակալուածները, բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին”,– ըսած է ֆրանսացի նախարարը:
Նոյն օրը, Հակադարձելով Ֆրանսայի ԱԳ նախարարի յայտարարութիւններուն, Պաքու Փարիզը որակած է «կեղծաւոր», պնդելով թէ Հայաստանին «մահացու զէնք մատակարարելը չի ծառայեր խաղաղութեան»:
Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ X-ի իր հաշիւին հրապարակած գրառման մէջ, անդրադառնալով խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան ըսած է. «Պայմանագրի ստորագրումը եւ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնիլը կը պահանջեն Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Ազերպայճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու վերացում եւ յատկապէս, Ֆրանսայի կողմէ արտաքին միջամտութեան դադրեցում, որ կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի ապակայունացման»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։