Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութիւնը դատապարտած է Երեւանի եւ Փարիզի մէջ դրօշներու հրկիզումը

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւնը դատապարտած է Երեւանի եւ Փարիզի մէջ ցոյցերու ընթացքին դրօշներու հրկիզումը՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւններէն պահանջելով կանխել նման արշաւները եւ ապահովութեան համապատասխան միջոցներու ձեռնարկել։

«Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնները պէտք է պատժեն այդ արարքներու պատասխանատուները։ Տեղի ունեցածը վրէժխնդրութեան եւ ցեղային ատելութեան դրսեւորում է, որ այսօր եւս լայնօրէն տարածուած է Հայաստանի մէջ»,– նշուած է Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։