Աշխատանքային այցով Թիրանա գտնուող վարչապետ Փաշինեան Մայիս 15-ին որպէս Ազերպայճանի հանրային հեռատեսիլի թղթակից ներկայացած ազերի լրագրողի մը հարցումներուն պատասխանելով պարզած է Երեւանի ծանօթ դիրքորոշումները՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծման, Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ համաձայնագրին շուրջ:
Փաշինեան յատկապէս նշած է, թէ ԵԱՀԿ-ին դիմումը՝ Մինսքի խումբի լուծման հարցով պէտք է ըլլայ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան հետ միաժամանակ, թէ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ չկայ տարածքային պահանջ որեւէ դրացիի հանդէպ, իսկ խաղաղութեան պայմանագրի՝ երկրի Հիմնական օրէնքին համապատասխանելիութեան հարցը կրնայ որոշել միայն երկրի Սահմանադրական դատարանը՝ պայմանագրի կնքումէն ետք:
Պաքու հակադարձած է Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւններուն՝ վերստին պնդելով, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը։
«Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, որ ուղղակի սպառնալիք կը ներկայացնէ Ազերպայճանի ազգային անվտանգութեան համար, խաղաղութեան հիմնական պայմանն է եւ Պաքու ունի այդ պահանջը ներկայացնելու օրինական իրաւունք»,– յայտարարած է Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, աւելցնելով, թէ «Հայաստանի վարչապետը կրկին կը փորձէ մոլորեցնել միջազգային հանրութիւնը»։
«Նոյնիսկ զինանշանը, որ կը յիշատակուի Հայաստանի Սահմանադրութեան 21-րդ յօդուածին մէջ, կ՚արտացոլէ դրացիներուն հանդէպ Հայաստանի տարածքային պահանջները»,– ընդգծուած է Ազերպայճանի ԱԳ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։