Ազերպայճանի տարածքին գտնուող պատմական յուշարձաններու ողբալի վիճակը

«Գեղարդ» հիմնադրամը փաստեր կը ներկայացնէ

«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը հրապարակած է հետաքննական յօդուած մը, ուր անդրադարձած է Ազերպայճանին, որ չէ պահպանած իր պատմամշակութային ժառանգութիւնը, սակայն կ՚ամբաստանէ հայկական կողմը՝ Արցախի տարածքին գտնուող մահմետական յուշարձանները ոչնչացման ենթարկելու մեղադրանքով։

«Հարկ է նշել, որ մահմետական մշակոյթին պատկանող յուշարձանները բացառապէս կապ չունին “ազերպայճանական մշակոյթին” հետ։ Աւելի՛ն՝ բազմաթիւ պատմական յուշարձաններ եւ մշակութային կոթողներ, նոյնիսկ՝ մահմետական սրբավայրեր ու մզկիթներ, Ազերպայճանի մէջ այսօր վերածուած են աղբանոցներու կամ անասնագոմերու։ Մոնղոլական ժամանակաշրջանի, Շիրվանշահերու մշակոյթին պատկանող արժէքները այսօր կանգնած են վերացման վտանգի առջեւ:

Օրինակ՝ Սեֆեաններու շրջանին պատկանող Շահ Սուլթան Հիւսեյնի մզկիթը, որ կը գտնուի Ազերպայճանի Նովխանի գիւղին մէջ, վերածուած է աղբավայրի։ Իրանական մշակութային ժառանգութիւն հանդիսացող շիի մզկիթին նկատմամբ ազերպայճանական այդպիսի վերաբերումը կոշտ արձագանգի արժանացած է իրանական տեղեկատուական կայքերուն կողմէ։ Մզկիթին անմխիթար վիճակին մասին ահազանգած է նաեւ ազերպայճանցի պատմաբան Զաուր Ալիեւ: Ըստ անոր՝ նոյնիսկ ցուցանակ տեղադրուած չէ յուշարձանին՝ պետութեան կողմէ պահպանուած ըլլալը նշող. կայ միայն տեղացիներու պատրաստած “Շահ սուլթան Հիւսեյնի մզկիթ” վերնագրով գրութիւն մը։ “Կրօնական յուշարձանին ներսը վերածուած է աղբանոցի, ուր կը նետեն նոյնիսկ անասուններու սատակներ”,– նշած է Զաուր Ալիեւ»։

Յօդուածին մէջ նշուած յաջորդ օրինակը Պաքուի Սապունչիի շրջանի Մաշթաղա աւանը գտնուող 17-18-րդ դարերու արեւելեան ծանօթ համամն է, որ ամբողջութեամբ վերածուած է աղբանոցի: Մշակութային այս ժառանգութիւնը ծանօթ է նաեւ «Աւազի համամ» անունով: Ապշերոնի գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ գոյութիւն ունին նմանօրինակ համամներ, որոնց ճնշող մեծամասնութիւնը կը գտնուի կիսաքանդ եւ աւերուած վիճակի մէջ։

«Նոյնպիսի անմխիթար կացութեան մէջ է Սումկայիթ քաղաքի Ճորաթ աւանի տարածքին գտնուող պատմական “Հաճը Մաճիտ” համամը, որ բնակչութեան ծանօթ է “Հին համամ” անունով։ Ան 15-16-րդ դարերու շինութիւն է, կը պատկանի Շիրվանշահերու դարաշրջանին։ Ըստ բնակիչներուն՝ պատմական յուշարձանի՝ աղբավայրի վերածուելու հիմնական պատճառը պատասխանատու կառոյցներու անտարբեր վերաբերումն է: Հարկ է նշել, որ Հաճը Մաճիտ համամը վերջին անգամ վերանորոգուած է 1985-ին եւ գործած մինչեւ 1988 թուականը: Պատմական այս յուշարձանը այժմ կանգնած է վերացման վտանգի առջեւ:

Աղսու քաղաքը գտնուող մէկ այլ հնագոյն յուշարձանի տարածքը ազերպայճանցիներու կողմէ աղբանոցի վերածուած է: Տեղւոյն վրայ պեղումներ կատարող հնագէտ Ֆարիզ Խալիլի կ՚ընդգծէ, թէ հնագիտական աշխատանքներու աւարտէն ետք, յուշարձանին մէկ մասը ոչնչացուած է ճանապարհաշինութեան աշխատանքներու պատճառով: Ազերպայճանցի բնակչութիւնը իր կարգին՝ յուշարձանի տարածքը վերածած է աղբանոցի: Հնագէտին համաձայն՝ տարածքին մէջ թափուած աղբը կը ներկայացնէ պատմական յուշարձաններու նկատմամբ անյարգալից վերաբերումը»,– նշուած է «Գեղարդ» հիմնադրամի յօդուածին մէջ։

Պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացումէն բացի, Ազերպայճանի մէջ վանդալական արարքներու կ՚ենթարկուին նաեւ սրբավայրերն ու ուխտատեղիները: Մասնաւորապէս՝ 2016-ին, Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանագլուխը գտնուող Եալամա գիւղին մէջ, անծանօթներ այրած են երկու ուխտատեղիներ: Ազերպայճանցիներու կողմէ նոյն ճակատագրին արժանացած են նաեւ Խանոպա եւ Մոլլա Ահմատ սրբավայրերը:

Հրապարակման մէջ ընդգծուած է, որ մշակութային յուշարձաններու նկատմամբ կատարուող վանդալական արարքը կը շարունակէ մնալ Ազերպայճանի քաղաքականութեան անբաժանելի մասը: Հարկ է նշել, որ կ՚ոչնչացուին տարբեր ժամանակաշրջաններու պատկանող եւ ազերպայճանցիներու հետ որեւէ աղերս չունեցող մշակութային կոթողները։

«Պաքու միտումնաւոր նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ ոչ միայն բռնագրաւուած Արցախի մէջ՝ ջնջելով հայկական հետքը եւ վերացնելով քրիստոնէական եկեղեցիները, այլեւ՝ իր՝ Ազերպայճանի տարածքին իսկ: Ըսուածին ապացոյցը Զաքաթալայի շրջանի հնագոյն կիսաւեր եկեղեցին է, որ թէեւ կը գտնուի պետութեան պաշտպանութեան ներքոյ, սակայն ենթարկուած է վանդալական արարքներու:

Այսպէսով՝ ազերպայճանական կողմը նոյնիսկ քաղաքակրթութեան դէմ պատերազմ յայտարարած է՝ ոչնչացնելով իր տարածքին գտնուող տարբեր ժամանակաշրջաններու եւ ժողովուրդներու պատկանող մշակութային արժէքները: Այս ամէնուն մասին կը վկայեն իրենք՝ ազերպայճանցիները՝ ընկերային ցանցերու էջերուն կատարելով նոյնանման գրառումներ. “Վանդալական արարք Ազերպայճանի մէջ. հայերը մեղադրել պէտք չէ, քանի որ մենք կը կործանենք մեր պատմական յուշարձանները”»,– ընդգծուած է «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամի յօդուածին մէջ: