Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Ազերպայճան պիտի շարունակէ խաղաղութեան ուղղուած ջանքերը եւ վճռականօրէն պիտի ճնշէ այդ գործընթացին դէմ ուղղուած քայլերը»

Մարտ 21-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ դատապարտելով Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Արարատ Միրզոյեանի ելոյթը՝ Պրազիլի իր պաշտօնակցին հետ միատեղ մամլոյ ասուլիսին, յայտարարած է, թէ երբ Հայաստան յաղթահարէ «առկայ խնդիրները», համաձայնագիրը պատրաստ պիտի ըլլայ ստորագրման։

«Հայկական կողմը փոխանակ պայմանագրի ստորագրումը խոչընդոտող խնդիրները յաղթահարելու ջանքեր գործադրելու, շահարկումներով կը զբաղի՝ փորձելով Ազերպայճանը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեամբ չշահագրգռուած կողմ»,– «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան ըսած են այդ երկրի Արտաքին գործոց նախարարութենէն՝ նշելով, թէ «Ազերպայճան պիտի շարունակէ խաղաղութեան ուղղուած ջանքերը եւ վճռականօրէն պիտի ճնշէ այդ գործընթացին դէմ ուղղուած քայլերը»։

Ի՞նչ ըսած էր Միրզոյեան

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը Մարտ 20-ին Պրազիլի մէջ յայտարարած էր, թէ Հայաստան պատրաստ է ստորագրելու պայմանագիրը, որ կրնայ դառնալ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման կարեւոր հիմնասիւն, սակայն, խաղաղութեան բաղձալի նպատակին հասնելու համար Հայաստանի ամուր քաղաքական կամքը պէտք է փոխադարձ ըլլայ:

Խաղաղութիւնը կեանքի կոչելու համար երկու կողմերն ալ պէտք է յանձնառու ըլլան վստահութեան եւ երկխօսութեան մթնոլորտի ձեւաւորման։ Այս համածիրին մէջ չլուծուած մարդասիրական հարցերու կարգաւորումը, ինչպէս՝ հայ ռազմագերիներու եւ միւս պահուող անձերու ազատ արձակումը, կրնայ էապէս թեթեւցնել իրավիճակը,– ըսած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարը։